Հայաստանի ամէնէն վաւերական ու տաղանդաւոր նկարիչը՝ Մարտիրոս Սարեան, հակառակ 84 տարեկան ըլլալուն, երիտասարդական աշխոյժով կը շարունակէ աշխատիլ եւ ստեղծագործել։

Ներկայիս կը պատրաստէ եռանկար մը՝ կեդրոնը ձիւնաթագ Արարատը, որուն լանջերուն փռուած են շէնքեր, դաշտեր եւ կանաչութիւն, աջին՝ Զանգեզուրի լեռները, ձախին՝ հայ մարդուն աշխատանքը պատկերացնող համայնապատկեր մը։

Երեւանի մէջ հիմնուած է նոր կոմիտէ մը, որ պիտի փոխարինէ «Արտասահմանեան երկիրների հետ բարկամութեան եւ կուլտուրական կապի հայկական ընկերութիւն»ը։ Նոր մարմինը, որ կը կոչուի «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ», ընտրած է իր նախագահը՝ Վ. Համազասպեան։ Նորաստեղծ կոմիտէի հիմնադիր համագումարին մասնակցած են Ամենային հայոց կաթողիկոսը՝ Վազգէն Ա., Ս. Կապուտիկեան, Մ. Սարեան, Ն. Զարեան եւ ուրիշներ։ Վազգէն Ա. յայտարարած է ի մէջ այլոց. «Ես ամենուրեք կը զգայի հայերուն խոր սէրը եւ եղբայրական զգացումները իրենց հայրենիքին նկատմամբ։ Անոնք կը փափաքին որքան կարելի է շատ բան իմանալ Հայաստանի մասին, անոր ամէնօրեայ կեանքի մասին։ Թող նորաստեղծ կոմիտէն օգնէ Սփիւռքի հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն յագեցնելու իրենց ծարաւը։ Մենք բոլորս պէտք է ձգտինք կարելիութեան սահմաններուն մէջ, լրիւ եւ կատարեալ դարձնելու մեր կապերը Սփիւռքի հայ գաղութներուն հետ, որպէսզի արտասահմանի հայերը անխզելի կերպով կապենք իրենց մայր հայրենիքին հետ»։

Հայաստանի լեռներուն վրայ, Սեւանի ափին իր դռները բացած է «Աղթամար» գերարդիական հիւրանոցը, որ ջուրէն 70 մեթր հեռու գտնուող ժայռի մը վրայ կառուցուած է։ «Աղթամար»ը շէնքերու ամբողջութիւն մըն է, ուր կարելի է լաւապէս հանգիստ ընել անբաղդատելի «Կապոյտ լիճ»ին եզերքը։ Այստեղ կը գտնուին փլաժ մը, նաւարկութեան կայան մը եւ ինքնաշարժի կարաժ մը։ Սրճարանին ու ճաշարանին մէջ կարելի է ճաշակել Սեւանի նշանաւոր կարմրախայտը։