«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» մեծ օրաթերթը իր Ուրբաթ օրուան, Սեպտեմբեր 25-ի թիւով հրատարակած էր Պոսթըն Քոլեճի դասախօս տոքթ. Վահագն Տատրեանի յօդուածը՝ Ղարաբաղի հայերուն բողոք,- հանրագրութեան մասին, ուղղուած՝ խորհրդային վարչապետ Ն. Խրուշչեւի:
Ինչպէս ծանօթ է, Ղարաբաղի երկու հարիւր հազար հայերը, իրենց այդ հանրագրութեամբ, կը բողոքէին Խրուշչովին՝ պարզելով իրենց կեանքի անտանելի պայմանները՝ «եղբայրական» Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ:
Կազմակերպութեամբ Հալէպի Համազգայինի մշակութային միութեան գեղարուեստական յանձնախումբին, ՀՄԸՄ-ի ակումբի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ երեկոյ մը՝ նուիրուած երաժշտագէտ Աշոտ Սաթեանի: Սոյն ձեռնարկին առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէր Համազգայինի նորակազմ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Բ. Ատանալեանի: Հանդէսին բացումը կատարեց միութեան ատենապետը՝ Պ. Միսիրեան, որ բացատրեց օրուան ձեռնարկին իմաստը: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ Հրայր Մանուկեանը: Հ. Մանուկեան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Սաթեանի կեանքին անոր ունեցած աշխատանքին ու ստեղծագործական ինքնատիպ ձիրքին հայ երաժշտութեան մարզէն ներս: Վերլուծումներ կատարեց իր կարգ մը երգերուն՝ տալով լայն բացատրութիւններ անոնց մասին: Ղեկավարութեամբ Բ. Ատանալեանի՝ երգչախումբը մէջ ընդ մէջ երգեց «Արարատեան հովտի երգեր»ը, որ իր մէջ կը պարունակէ «Արարատեան հովտի երգը», «Արդեօք գիտե՞ս դու»ն, «Խաղողաքաղ»ը եւ «Կոլխոզական քառեակներ»ը: Այս երգերուն յաջորդեցին՝ «Լուռ գնաց»ը, «Հովեր ինձնից բարեւ տարէք»ը, «Մարտիկի երգը» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ին: Հետաքրքրական էր եւ գովելի գեղարուեստականի այս ձեռնարկը, որ ինքնատիպ էր իր տեսակով եւ ներկայացուելու ձեւով: Քաջալերելի է մանաւանդ Համազգայինի նորակազմ երգչախումբը, որ միայն երկու ամսուան փորձով կրցաւ մեզի հրամցնել Ա. Սաթեանի նման դժուարամատչելի երաժիշտի մը երգերը: