Փեքինէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Համայնավար Չինաստանի ղեկավարները, գլխաւորութեամբ Մաօ Ցէ Թունկի, շնորհաւորական ջերմ հեռագիր մը ուղղած են պ. Պրեժնեւին, Գոսիկիին եւ Միկոյեանին։

Հեռագիրին մէջ շեշտած են. «Տեղեկանալով որ ընկեր Պրէժնեւ ընտրուած է առաջին քարտուղար Խորհ. Միութեան Համայնավար կուսակցութեան եւ ընկեր Գոսիկին՝ վարչապետ, մենք չինացի ժողովուրդի, Համայնավար կուսակցութեան ու կառավարութեան կողմէ ձեզի կը յղենք մեր ջերմագին ողջոյնները»։

«Նոր Չինաստան» պաշտօանական գործակալութիւնը հաղորդեց՝ թէ չինական ժամով ժամը 3-ին, Չինաստանի արեւմտեան մասին մէջ յաջողութեամբ կատարուած է չինական անատական ռումբի փորձը։ Աւելցուց՝ թէ ասիկա չիանացի ժողովուրդի մեծ յաջողութիւնն է՝ իր պաշտպանողական կարողութիւնը զօրացնելու եւ կորիզային շանթաժի ու կորիզային սպառնալիքի ամերիկեան իմպերլիաստական քաղաքականութեան հակազդելու պայքարին մէջ։ Շեշտեց որ չինական կառավարութիւնը միշտ պահանջած էր որ բոլորովին արգիլուին կորիզային զէնքերը եւ փճացուին գոյութիւն ունեցող պահեստները։ Եթէ ասիկա եղած ըլլար՝ Չինաստան պիտի չստիպուէր կորիզային զէնքեր շինել։ Չինական կառավարութիւնը միշտ ալ յայտարած էր, թէ կորիզային փորձերու մասնակի արգիլման Մոսկուայի համաձայնութիւնը Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ, մեծ խաբէութիւն մըն էր, աշխարհի ժողովուրդները մոլորեցնելու եւ կորիզային զէնքերու մենաշնորհը միայն իրենց վերապահելու համար։ Այլապէս, ամերիկեան կառավարութիւնը այն ատեն յայտարարած էր, որ Մոսկուայի համաձայնութիւնը իրեն չարգիլեր ընդերկրեայ կորիզային փորձեր կատարել եւ կորիզային զէնքեր շինել, մթերել եւ արտածել։ Անցեալ տարի, Ամերիկա չդադրեցաւ կորիզային զէնքեր շինելէ եւ կատարելագործման համար ընդերկրեայ փորձեր կատարելէ։ Ասիկա՝ չինացի, ճափոնացի եւ ասիական միւս ժողովուրդնրեուն դէմ սպառնալիքի միջոց է։