alt138 տա­րի ա­ռաջ, 13 ­Յու­նի­սէն մին­չեւ 13 ­Յու­լիս եր­կա­րած օ­րե­րուն, միամ­սեայ ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Պեր­լի­նը դար­ձաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը այս­պէս կո­չո­ւած «­Հին Աշ­խարհ»ի մեծ տէ­րու­թեանց գա­գա­թի «­Վե­հա­ժո­ղո­վին»։

altՅունիս 21ի այս օրը, 16 տարի առաջ, Սիաթըլի մէջ (Մ. Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս։

 

 

altՅունիս 17ի այս օրը, 45 տարի առաջ, ճամբու արկածի հետեւանքով, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր հանճարեղ զաւակներէն Պարոյր Սեւակը։
Աւելի քան հանճարեղ էր Սեւակ։ Նոյնինքն Հայկեան Հանճարին խոհո՜ւն բանաստեղծն էր։

alt16 Յունիսի այս օրը, 121 տարի առաջ, Վանի եւ շրջակայքի հայութիւնը իր առաջին քայլերը նետեց ինքնապաշտպանութեան եւ օսմանեան լուծէն ազատագրուելու երկար ու արիւնոտ ճամբուն վրայ։

altՅունիս 15ի օրը, 101 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ գլխաւոր հրապարակներէն «Սուլթան Պայազէտ»ի վրայ, հայ ժողովուրդի յեղափոխական զաւակներէն քսան մարտիրոսներ միաժամանակ կախաղան հանուեցան։