­altՅու­նիս 8ի այս օ­րը կը լրա­նայ 125րդ ­տա­րե­լի­ցը հա­յու եր­գի­ծա­կան հան­ճա­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րող ան­մահն ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի վախ­ճա­նու­մին։

8 ­Յու­նիս 1891ին, ծայր աս­տի­ճան չքա­ւո­րու­թեան մատ­նո­ւած եւ հիւ­ծախ­տի հե­տե­ւան­քով ու­ժա­քամ ե­ղած՝ ­Պոլ­սոյ մէջ առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը մեծ ­Մար­դուն եւ նոյն­քան մեծ ­Հա­յուն։
48 տա­րե­կա­նին ա­պա­ժամ եւ դժբախտ մահ ու­նե­ցաւ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան, բայց միայն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն, ո­րով­հե­տեւ կար­ճա­տեւ իր կեան­քով իսկ հայ­կա­կան եր­գի­ծան­քի հիմ­նա­դի­րը կրցաւ նո­ւա­ճել ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի գրա­կան հարս­տու­թիւն մը եւ մնա­յուն տեղ գրա­ւել մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին մէջ։

Իր եր­գի­ծան­քով՝ ­Պա­րո­նեան ժա­մա­նակ­նե­րէն վեր կանգ­նե­ցաւ եւ, ա­նանց ճշմար­տու­թիւն­ներ վեր­ծա­նող իր գրա­կա­նու­թեամբ, նաեւ հայ մտքի Հս­կայ մը դար­ձաւ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­ցիա­կան զար­թօն­քին մէջ մե­ծակ­շիռ ներդ­րում կա­տա­րե­լով։

Որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան կեն­սա­յորդ եւ գու­նա­գեղ կը դառ­նան ­Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծան­քով յա­ւեր­ժա­ցած կեր­պար­ներն ու բար­քե­րը հայ կեան­քի, ինչ­պէս որ ի­րենց այժ­մէա­կան ի­մաստն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը շեշ­տեն ­Պա­րո­նեա­նի պաշտ­պա­նած գա­ղա­փար­ներն ու սկզբունք­նե­րը։
­Հա­մո­զու­մի, սկզբուն­քայ­նու­թեան, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան եւ ան­հաշտ ­Պայ­քա­րի մար­դը ե­ղաւ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան։

Անխ­նայ ձաղ­կեց եւ սուր քննա­դա­տու­թեամբ մեր­կա­ցուց 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կէ­սի հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­րատ­նե­րը՝ հա­ւա­սա­րա­պէս ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան, ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ընդգրկու­մով։ ­Դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, հա­լա­ծո­ւե­ցաւ եւ ծան­րա­գոյն թշո­ւա­ռու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ, բայց եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին սնա­փա­ռու­թեան եւ օ­տա­րա­մո­լու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հետ, քա­ղա­քա­ցիա­կան ստրկամ­տու­թեան եւ կեղծ ազ­գա­սի­րու­թեան հետ, խա­ւա­րամտու­թեան, քաղ­քե­նիու­թեան եւ դրա­մա­պաշ­տու­թեան հետ, ան­հա­տա­կան թէ ըն­տա­նե­կան՝ հա­սա­րա­կա­կան բա­րո­յա­կա­նի խա­թա­րում­նե­րուն հետ։

Ա­ւե­լի՛ն. թէեւ իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շեշ­տա­կի եւ ի­րա­պաշտ կնի­քը կրե­ցին ­Պա­րո­նեա­նի յա­ւեր­ժա­ցու­ցած «­Պաղ­տա­սար Աղ­բար»ն­ ու «Ա­բի­սո­ղոմ Ա­ղա»ն, «Ազ­գա­յին ­Ջո­ջեր»ն­ ու «­Մե­ծա­պա­տիւ ­Մու­րաց­կան­ներ»ը, կամ «­Հոս­հո­սի ­Ձե­ռա­տետր»ի եւ «­Քա­ղա­քա­վա­րու­թեան Վ­նաս­ներ»ու հե­րոս­ներն ու բար­քե­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ այդ ա­մէ­նուն մէջ, իր սրա­տե­սու­թեամբ եւ խո­րա­թա­փան­ցու­թեամբ, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան գտաւ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նին կտա­կեց բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ի­րա՛ւ ու մնա­յո՛ւն ճշմար­տու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ՝ մեր թե­րու­թիւն­ներն ու վէր­քե­րը լա­ցի փո­խա­րէն ծի­ծա­ղով դի­մագ­րա­ւե­լու եւ յաղ­թա­հա­րե­լու մե­ծա­գոյն ճշմար­տու­թիւ­նը։

2 ­Նո­յեմ­բեր 1843ին Ադ­րիա­նու­պո­լիս (Է­տիր­նէ) ծնած, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան յա­տուկ ու­սում չու­նե­ցաւ։ Ա­ւար­տեց իր ծննդա­վայ­րի Ար­շա­կու­նեան վար­ժա­րա­նը, ուր ա­շա­կեր­տեց «­Պօ­ղոս վար­ժա­պե­տին»՝ հե­տա­գա­յի ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիար­քին։ 1857ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն յու­նա­կան դպրո­ցը, բայց տա­րի մը ետք՝ իր իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ հա­զիւ «յու­նա­րէ­նի դժո­ւա­րու­թիւ­նը սոր­ված», վերջ տո­ւաւ ու­սում­նա­կան կեան­քին ու նե­տո­ւե­ցաւ աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ։ 1863ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս եւ ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բախ­տը փոր­ձեց տար­բեր աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ՝ ինք­նա­զար­գաց­ման կա­րե­ւոր տեղ տա­լով եւ ժա­մա­նակ յատ­կաց­նե­լով։

Ե­ղաւ հե­ռագ­րա­տան պաշ­տօ­նեայ, զբա­ղե­ցաւ հա­շո­ւա­պա­հու­թեամբ ու գրագ­րու­թեամբ, կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նեայ դար­ձաւ, նաեւ ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ ­Բայց ոչ մէկ գոր­ծի փա­րե­ցաւ այն բա­ւա­րա­րու­թեամբ, որ գտաւ մա­մու­լին ու հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ։
1872ին սկսաւ ­Պա­րո­նեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը, երբ եր­գի­ծա­կան «­Մե­ղու» թեր­թի ար­տօ­նա­տէր Յ. Ս­վա­ճեան իր եր­բեմ­նի աշ­խա­տա­կի­ցին՝ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի վստա­հե­ցաւ թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը։

1874ին, օս­մա­նեան գրաքն­նու­թեան հետ իր ա­ռա­ջին դժո­ւա­րու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լով, ­Պա­րո­նեան իր խմբագ­րու­թեան յանձ­նո­ւած թեր­թին «­Մե­ղու» ա­նու­նը փո­խա­րի­նեց «­Թատ­րոն»ով, ո­րուն հրա­տա­րա­կու­թեան ե­րեք տա­րի­նե­րը (մին­չեւ 1877) զու­գա­դի­պե­ցան ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին եւ նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին ­Պա­րո­նեա­նի տա­ղան­դը քա­ղա­քա­կան եր­գի­ծան­քի մար­զին մէջ։

­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­բե­րած դի­ւա­նա­գի­տա­կան նեն­գամ­տու­թիւ­նը, ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծադ­րած բռնու­թիւն­ներն ու ծա­ւա­լած հա­կա­հայ հա­լա­ծանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ղե­կին կանգ­նած կղե­րա­կան թէ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­նե­րու կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, ժո­ղո­վուր­դէն կտրո­ւած եւ ե­սա­պաշտ վար­քու­բար­քը, բո­լո­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն սրու­թեամբ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան ­Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ գոր­ծե­րուն մէջ, ո­րոնք լոյս տե­սան «­Թատ­րոն»ի յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րով՝ «Կս­միթ­ներ», «Ազ­գա­յին ­Ջո­ջեր» եւ այլ ա­նուն­նե­րով։

1878ին, նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ­Պա­րո­նեան դադ­րե­ցուց «­Թատ­րոն»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, բայց շա­րու­նա­կեց մշա­կել եր­գի­ծա­կան նոր գոր­ծեր, ո­րոնք լոյս տե­սան ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն կամ ա­ռան­ձին պրակ­նե­րով։ ­Մին­չեւ 1884 եր­կա­րած այդ շրջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն ե­ղան «Պ­տոյտ մը ­Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ» եւ «­Ծի­ծաղ» գոր­ծե­րը, ո­րոնք ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քի եր­գի­ծա­կան քննա­դա­տու­թեան կող­քին՝ քա­ղա­քա­կան բուռն խա­րա­նու­մի են­թար­կե­ցին, այ­լա­բա­նա­կան պատ­կեր­նե­րով, օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ քայ­լերն ու ճնշում­նե­րը։

1884էն մին­չեւ 1888, ­Պա­րո­նեան ձեռ­նար­կեց «­Խի­կար» եր­գի­ծա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ ­Հա­մի­տեան բռնա­կա­լու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, գրաքննու­թեան հետ ա­մէ­նօ­րեայ առ­ճա­կա­տու­մէն խու­սա­փե­լով, ­Պա­րո­նեան իր եր­գի­ծան­քին լու­սար­ձակ­նե­րը կեդ­րո­նա­ցուց հայ կեան­քի ըն­կե­րա­յին յո­ռի բար­քե­րուն, ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան բա­րո­յա­կա­նի ան­կու­մին եւ ազ­գա­յին ա­ռողջ բնազդ­նե­րու խա­թար­ման ձաղ­կու­մին վրայ։

Ան­հա­մե­մա­տօ­րէն բուռն ե­ղաւ «­Խի­կար»ի սուր քննա­դա­տու­թեան ար­ժա­նա­ցած շրջա­նակ­նե­րուն հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը։ ­Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռու­թեան մատ­նել ­Պա­րո­նեա­նի խայ­թող լե­զուն, բայց նիւ­թա­կան ճնշում­նե­րու տակ դար­ձեալ խա­փա­նո­ւե­ցաւ ­Պա­րո­նեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ այս ան­գամ այ­լեւս ընդ­միշտ։ ­Նաեւ՝ նիւ­թա­պէս ծայր աս­տի­ճան անձ­կու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ հայ եր­գի­ծա­կան գրա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիրն ու վար­պե­տը։ ­Քայ­քա­յո­ւե­ցաւ ա­նոր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը։ ­Բայց ­Պա­րո­նեան շա­րու­նա­կեց նոր է­ջե­րով հարս­տաց­նել իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

­Հիւ­ծախ­տը իր ա­ւե­րը գոր­ծեց եւ, 1891ի ­Յու­նիս 8ին, շի­ջե­ցաւ հայ եր­գի­ծան­քի անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը հնչեց­նող վար­պե­տը՝ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ ձգե­լով իր սրա­տես ու խո­րա­թա­փանց հա­յեաց­քով լու­սար­ձա­կի տակ բե­րո­ւած ան­կորն­չե­լի ճշմար­տու­թիւն­ներ։
Ա­հա՛ հաս­կա­քաղ մը պա­րո­նեա­նա­կան ան­մո­ռա­նա­լի խայ­թոց­նե­րէն.-

- Դժ­բախ­տա­բար, մեր ազ­գին մէջ շա­տե­րու բարձ­րա­նա­լու գաղտ­նի­քը բնա­կան օ­րէն­քով միայն կը լու­ծո­ւի. ­Ծան­րե­րը միշտ գետ­նա­քարշ կը մնան ու թե­թեւ­նե­րը վեր կ­’ել­լեն:
-­Մեծ ա­նո­ւանց ներ­քեւ յա­ճախ պզտիկ բա­ներ կը պա­հո­ւին:
- ­Շատ ան­գամ ո­չինչ չը­սող խօսք մը նշա­նա­ւոր մար­դու մը բեր­նէն ե­լած ըլ­լա­լուն հա­մար իբ­րեւ պատ­գամ կ’ըն­դու­նո­ւի. եւ շատ ան­գամ նշա­նա­ւոր խօսք մը անն­շան մէ­կէ մը ը­սո­ւած ըլ­լա­լուն հա­մար կա­րե­ւո­րու­թեան չ­՚առ­նո­ւիր:

- Ոս­կե­ղէն դա­րուն մէջ կա­թին քիչ մը ջուր կը խառ­նէին. տաս­նըին­նե­րորդ դա­րուն մէջ ջու­րին քիչ մը կաթ կը խառ­նեն:
- ­Կար ժա­մա­նակ մը, ուր խա­ւա­րը լու­սոյ դէմ կր կ­ռո­ւէր, տգի­տու­թիւ­նը գի­տու­թեան դէմ, ան­ցեալն ա­պառ­նիին դէմ, հրա­մա­յա­կա­նը սահ­մա­նա­կա­նին դէմ, մի­սը բան­ջա­րե­ղէ­նի դէմ... Իսկ հի­մա ան­ցան այն ժա­մա­նակ­նե­րը. ա­նոնք ան­ցեալ են, մենք՝ ա­պառ­նին, ա­նոնք խա­ւար են, մենք լոյս... ա­նոնք միս են, մենք բան­ջա­րե­ղէն, ա­նոնք վա­րունգ են, մենք՝ խնձոր...

- Ե­թէ այն ա­տեն դրամ ե­ղած ըլ­լար, Ա­դամ եւ Ե­ւան դրախ­տէն դուրս չէին ել­ներ. դրախ­տին դուռն կայ­նող պա­հա­պա­նին քա­նի մը դա­հե­կան կու տա­յին եւ մին­չեւ այ­սօր դրախ­տին մէջ կը մնա­յին։

- Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ սի­րե­լու հա­մար կ’ապ­րինք, իսկ ծե­րու­թեան մէջ՝ ապ­րե­լու հա­մար կը սի­րենք:
- Ե­րի­տա­սարդ մը կար­ծե­լու չէ, որ հա­ճե­լի է, այլ կար­ծե­լու է, ինչ որ ճշմար­տու­թիւն է, որ­պէս­զի ու­րիշ­նե­րը իր վրայ չխնդաց­նէ:

- ­Գի­տուն ըլ­լա­լուն ա­մէ­նէն պար­կեշտ եւ ու­ղիղ ճամ­բան իւր տգի­տու­թիւնն ճանչ­նալն է:
- ­Ցա­ւա­լի է, որ գի­տու­նի գրչով լու­ծե­լիք խնդիր­նե­րը դեր­ձա­կի մկրա­տով կը կտրո­ւին շատ ան­գամ:
- ­Գի­տու­թիւ­նը ժա­մա­ցոյ­ցի կը նմա­նի. զայն բա­նեց­նե­լու հա­մար միշտ լա­րել է պէտք:
- Չ­կայ մէ­կը, որ գի­տու­թիւն վա­ճա­ռող կա­տա­րեալ տգէ­տի մը ը­սէ.- «­Բա­րե­կամ, դուք բան մը չէք գի­տեր, քա­նի մը բա­րե­կամ­նե­րէդ քա­նի մը խօսք սոր­ված էք եւ զա­նոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ըն­կե­րու­թեան մէջ խօսք առ­նե­լու ի­րա­ւունք չու­նիք. հրա­մե­ցէ՛ք սե­նեա­կէն դուրս»:

- Օ­րէնք­նե­րը հաս­տա­տող­նե­րը այ­րերն են, իսկ բար­քեր հաս­տա­տող­նե­րը կի­ներն են:
- Ո՜վ շո­ղո­քոր­թու­թիւն... ա­մէն տա­րիք կը սի­րէ քեզ:
- ­Կեղծ բա­րե­կամ­նե­րը ա­րե­ւու ժա­մա­ցոյ­ցի կը նմա­նին. երբ օ­րը պայ­ծառ է՝ կը տես­նո­ւին, երբ ամ­պոտ է՝ չեն տես­նո­ւիր:
- ­Պար­զու­թիւնն ու ճշմար­տու­թիւ­նը այն­պի­սի գե­ղեց­կու­թիւն­ներ են, որ ա­մէն բա­նի մէջ կը փնտռո­ւին ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ:

­Պա­րո­նեան ար­ժա­նա­ցաւ «ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան»՝ հոծ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, գոր­ծա­ւոր դա­սա­կար­գի, ինչ­պէս նաեւ կարգ մը ա­մի­րա­նե­րու ու ջո­ջե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: ­Դամ­բա­նա­կա­նը կար­դաց ­Նար­պէյ Ար­քե­պիս­կո­պոս, որ իր կար­գին՝ «Ազ­գա­յին ­Ջո­ջեր»ուն մէջ ­Պա­րո­նեա­նի սուր եր­գի­ծան­քին թի­րախ դար­ձած էր: ­Մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Օր­թա­գիւ­ղի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, «մե­ռե­լոց այդ հան­դար­տիկ բնա­կա­րա­նին մէկ ան­կիւ­նը, տխուր ու մե­նա­ւոր»: ­Բայց նոյ­նիսկ տա­պա­նա­քար մը չկանգ­նե­ցաւ ա­նոր շի­րի­մին վրայ եւ շու­տով մոռ­ցո­ւե­ցաւ գե­րեզ­մա­նին ճշգրիտ վայրն ալ...

­Բայց ո՛չ, գե­րեզ­մա­նով թէ ա­ռանց գե­րեզ­մա­նի, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան իր անկրկ­նե­լի գրա­կա­նու­թեամբ յա­ւերժ կ­’ապ­րի հա­յոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբ­րեւ ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճած հայ եր­գի­ծագ­րու­թեան ան­հա­սա­նե­լի գա­գա­թը։
­Չեն մեռ­նիր այն­քա՜ն պար­զու­թեամբ, սրա­տե­սու­թեամբ եւ խո­րա­թա­փանց ի­մաս­տու­թեամբ, այ­լեւ՝ ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան ա­րեամբ գրո­ւած ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի գոր­ծե­րը։

Ն.