Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնի ստանձնումէն ետք՝ Էրտողան իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Կիպրոսի գրաւուած հիւսիսային բաժինէն սկսաւ, ուր սակայն դիմաւորուեցաւ թուրք-կիպրացիներու բողոքի ցոյցերով: Անոնք իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին այս ձեւով, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած է ստորագրել Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փութինի հրամանագիրը երէկ հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձրագոյն գործակալութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող տագնապին պատճառով իրենց երկրէն փախուստ տուած սուրիացիներուն թիւը անցած է երեք միլիոնը, ինչ որ մրցանշային է: Գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ միայն 2013-ին մէկ միլիոն սուրիացի հեռացած է

Իրաքահայ Համայնքի Ազգային Իշխանութիւնները Օժանդակութիւններ Կը Տրամադրեն Մուսուլէն Գաղթած Հայութեան

«Ազդակ» կապ հաստատեց իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Մելքոն Մելքոնեանի հետ: Ան յայտնեց, որ իրաքահայոց

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց նոր կառավարութեան կազմը: Վարչապետ վերանշանակուած է տոկտ. Ուաէլ Նատէր Ալ Հալաքի։ Կառավարութիւնը կը բաղկանայ 35 նախարարէ, ուր ներառուած է հայ նախարար մը՝ Բնապահպանութեան նախարար Նազիրա Սարգիսի։