ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձրագոյն գործակալութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող տագնապին պատճառով իրենց երկրէն փախուստ տուած սուրիացիներուն թիւը անցած է երեք միլիոնը, ինչ որ մրցանշային է: Գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ միայն 2013-ին մէկ միլիոն սուրիացի հեռացած է

երկրէն: Գործակալութիւնը ընդգծեց, որ այս թիւը չի ներառեր անոնք, որոնք երկրէն փախուստ տուած են, սակայն գաղթականներու ցանկերուն վրայ չեն արձանագրուած:

 

Սուրիոյ մէջ տեղահանուածներուն թիւը հասած է 6,5 միլիոնի

ՄԱԿ կը հաղորդէ, որ տագնապը կը խորանայ: Միայն Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը հասած է 1,14 միլիոնի: Գաղթականներու ճամբարներ նոր եկողները հիւծուած են եւ սարսափահար վիճակի մահնուած:
Իւրաքանչիւր ութերորդ սուրիացին գաղթական է:
Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր ընթացող պատերազմին ընթացքին զոհերուն թիւը գերազանցած է 190 հազարը: