Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած է ստորագրել Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փութինի հրամանագիրը երէկ հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքին վրայ:
«Ընդունիլ 29 Մայիս 2014-ի Հայաստանի՝  Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնութեան ստորագրման վերաբերեալ Ռուսիոյ կառավարութեան առաջարկը», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան իրաւունք տրուած է համաձայնութեան ստորագրման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին անոր նախագիծին մէջ մտցնել նախարարաց խորհուրդին  կողմէ հաւանութեան արժանացած փոփոխութիւնները, որոնք սկզբունքային բնոյթ չունին:
«Նպատակայարմար կը նկատենք այս կարգադրութեամբ նախատեսուած համաձայնագիրը ստորագրել Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի՝  պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով նիստին ընթացքին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ: