Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնի ստանձնումէն ետք՝ Էրտողան իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Կիպրոսի գրաւուած հիւսիսային բաժինէն սկսաւ, ուր սակայն դիմաւորուեցաւ թուրք-կիպրացիներու բողոքի ցոյցերով: Անոնք իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին այս ձեւով, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան դէմ:
Իթար-Թասս կը հաղորդէ թէ փորձագէտներու կարծիքով, Էրտողանի այս այցելութենէն որեւէ դրական նպատակ չի հետապնդուիր կիպրական հարցի կարգաւորման գծով, այլ պարզ արարողակարգային այցելութիւն մըն էր, ուր Էրտողան հանդիպած է գրաւուած Կիպրոսի թուրքերու ղեկավար Տերվիշ Էրօղլուի հետ: Ըստ Էրտողանի արտայայտութեան՝ «կարելի չէ մոռնալ Կիպրոսի մասին, այլ Յունաստան եւ Թուրքիա պէտք է կատարեն իրենց առջեւ դրուած պարտականութիւնները»:
Էրտողան յայտնած է թէ կիպրական հարցը պիտի ներկայացնէ ՆԱԹՕի յառաջիկայ գագաթնաժողովին: