Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, մօտ երկու տարիէ ի վեր, հաստատուած է «Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամը, որու նպատակն է՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող տեղեկութիւններ հաւաքել եւ ոսումնասիրել։ Կեդրոնի տնօրէնութիւնը կը վարէ Հայկազուն Ալվրցեանը:
Հայկազ Ալվրցեան դիտել կուտայ թէ հիմնդրամի աշխատանքները կարեւոր են այն իմաստով, որ համայն սփիւռքի եւ Արեւելահայաստանի բնակչութեան մէկ կարեւոր տոկոսը ծագումով արեւմտահայաստանցի է։ Մեր պատմութեան ամէնէն ողբերգական, միաժամանակ ամէնէն հերոսական էջերը պարունակող այս տարածքը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Զանազան ուսումնասիրութիւններով այսօր կը հաստատուի, որ Թուրքիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ կþապրին հայեր, որոնք տարիներ շարունակ զուրկ եղած են մեր լեզուով արտայայտուելու, սորվելու եւ դաստիարակուելու իրաւունքէն՝ սահմանադրական օրէնքով, որ կþըսէ՝ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները թուրք են։ Այդ հայերը բռնի իսլամացած՝ իբրեւ թուրք կամ քիւրտ ապրելու ստիպուած եղած են։ Իսլամացած հայութեան թիւը այսօր մինչեւ 4.5 միլիոնի կը հասնի։
Թաքուն կամ ծըպ- տուած հայերուն վերաբերող տարբեր ուսումնասիրութիւններ կատարուած են կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս եւ այս հատուածի իրաւունքներուն վերաբերող կարեւոր քայլեր: Այս ուսումնասիրու-թիւնները տուեալներ կը փոխանցեն յատկա-պէս նոր սերունդին, որպէսզի լաւ ճանչնայ իր հայրենիքը, իր պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Համացանցի եւ համակարգիչի աշխարհին հետեւող հայկական վերջին զինուորներէն է Akunq.net կայքէջը: Ծրագրուած, բծախնդիր եւ համապարփակ աշխատանք տարուած է այս կայքէջը ստեղծելու համար: Անաչառ աշխատանք՝ ազգային խորքով:
Ոեւէ հայորդի, որ առիթ ունենայ այցելելու այս ելեկտրոնային հասցէն կրնայ վկայել վերոյիշեալին մասին:
www.akunq.net-ը ծաւալուն է իր բազմաթիւ ճիւղաւորումներով, ուր կարելի է գրել Արեւմտահայաստանին վերաբերող գրեթէ ամէն բանի մասին: Փաստօրէն այս կայքէջը հսկայ շտեմարան մը կը բանայ Արեւմտահայաստանի մասին՝ անսպառ գիտելիքներով, նկարներով եւ փաստացի տուեալներով: Հայկական գրաւեալ տարածքներու մասին կայ անմիջական լրատուութիւն, ամէնօրեայ դրութեամբ, թարմ լուրերով հարուստ: Կայքէջը փաստօրէն Արեւմտահայաստանի մասին ամէնէն ընդարձակ լրատուութիւնը կը ներկայացնէ աշխարհի հայութեան՝ ամրացնելով կապը երկրին հետ: Կայքէջը հաստատուած է «Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամին կողմէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւնն է: Կայքէջը հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով է եւ կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան այլ շրջաններու մէջ ապրող հայութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ: