Մինչ վրացի մեր դրացիները, Անդրկովկասի մէջ, կը յաջողին տիրանալ ժողովուրդի քուէով
 իշխանափոխութիւն իրագործելու ախոյեանութեան, ասդին՝ Հայաստանի մէջ, մենք կը շարունակենք օրէ օր աւելիով խրիլ ժողովրդավարական ոչ մէկ հեռանկար խոստացող նախագահական նոր ընտրութեանց աւազուտքին ու ոլորապտոյտին մէջ։

Թագուհի Մելքոնեան «Երկիր»-ին կը գրէ.

Բժիշկներ, ճարտարագէտներ, տնտեսագէտներ, մանկավարժներ…, նոյնիսկ սպաներ: Պետութեան մտաւոր կորիզը կը լքէ երկիրը՝ գերադասելով ապրիլ ու աշխատիլ Ռուսիոյ ծայրամասերուն մէջ:

Առաւօտեան ժամը 7։30-ն էր, երբ Փանոսը դիմացս ելաւ։
-Բարի լոյս Փանոս...
Բարեկամիս բերանէն ելածը ոչ «բարիի» նմանեցաւ ոչ ալ «լոյսի»։
- Ո՞ւր ասանկ առտու կանուխ...
- Խմբագրատուն...

Առաքինի ղեկավարը այն մարդն է՝
Որ առաջնորդւում է ազգային շահերի
Առողջ եւ իրատես պատգամով:
 ***
Ազգը զօրեղ է՝ գոյութեամբ ազատ,
Հզօր է նոյնքան, երբ ունի ադաթ:
 ***
Չե՛ս կարող բարու հաւատին տիրել,
Երբ քո հոգին է՝ չարը կաշկանդել:

Աւիկ Դերենց
Պոսթըն

Գիւղական շրջապատը առանձնայատուկ քաշողականութիւն մը ունի: Բնութիւնն ու անոր ընծայած բարիքները սիրողը չի կրնար անկէ հեռու մնալ ու անոր էութեան հետ չհաղորդակցիլ: Գեղեցիկ է գիւղը, խաղաղ ու երազային: Հոն է, որ մշակը Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ: Կը գործակցի, կը ստեղծագործէ, կ՛արտադրէ, հողին կենդանութիւն կու տայ, կը նոյնանայ Անոր: