Թագուհի Մելքոնեան «Երկիր»-ին կը գրէ.

Բժիշկներ, ճարտարագէտներ, տնտեսագէտներ, մանկավարժներ…, նոյնիսկ սպաներ: Պետութեան մտաւոր կորիզը կը լքէ երկիրը՝ գերադասելով ապրիլ ու աշխատիլ Ռուսիոյ ծայրամասերուն մէջ:

Անոնք կը նախընտրեն Ռուսիա մեկնիլ եւ մշտական բնակութիւն հաստատել այդ երկրի նոյնիսկ ծայրամասերուն մէջ՝ ՀՀ-էն ներս գործող Ռուսիա արտագաղթի դաշնային ծառայութեան «Հայրենակիցներ» կոչուող ծրագիրով:
Ծրագիրը արդէն 6 տարի է պետութեան լուռ գիտութեամբ կը կազմակերպէ հազարաւոր հայերու օրինական արտագաղթը: «Հայրենակիցներ» արտագաղթի պետական ծրագիրը 2006-ին մշակած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ըստ մասնագէտներու՝ արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներու վերաբնակեցման ծրագիրով Ռուսիան կը փորձէ լուծել իր ժողովրդագրական խնդիրները:
Ռուսիան վերաբնակիչները ընդհանրապէս կը տեղաւորէ ծայրամասային բնակավայրերուն մէջ, ուր բնակչութիւնը նօսր է: Կ’ընտրուին դիմումները այն քաղաքացիներուն, որոնք կը համապատասխանեն «Հհայրենակիցներ» սահմանումին: Ըստ այնմ՝ «Հայրենակիցը» ան է, որ կը կրէ Ռուսասիոյ մշակոյթն ու աւանդոյթները, կը խօսի ռուսերէն: Ցանկալի է, որ քաղաքացին ոչ թէ միայնակ երթայ Ռուսիոյ այս կամ այն երկրամաս,այլ ընտանիքով: Ծրագիրի պահանջները բաւարարող քաղաքացիին կը տրուին ռուսական անձնագիր, ճանապարհածախսի փոխ հատուցում, բնակութեան վայրի մէջ աշխատանք չունենալու պարագային՝ ամսական նպաստ եւ այլն:
Այսօր Հայաստանէն մեկնողներուն մասին պաշտօնական վիճակագրութիւնը կցկտուր թիւեր կը յայտնէ, անոնք անհամեմատ փոքր են Գիւմրիի եւ Երեւանի արտագաղթի դաշնային ծառայութիւններուն մէջ եւ անոնց մասնաճիւղերուն մէջ գոյացող հերթերուն համեմատ: Միայն Երեւանի արտագաղթի ծառայութեան մէջ օրական 50-է աւելի դիմում կը լրացուի:
Աշխատանքային օրուան առաւօտ մը այցելեցի ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ արտագաղթի դաշնային ծառայութիւն: Հաւաքուած հոծ բազմութիւնը ներս կ’առնէր ռուսական իշխանութիւններուն մշակած «աղանդաւորական սիանս»ը: Ներկայ ըլլալով այդ սեմինար-խորհրդատուութեան՝ առաջին հայեացքէն տպաւորութիւն ստացայ, թէ իբրեւ թէ Ռուսիան զիս դրախտ պիտի ուղեկցի, ուր իմ մասիս պիտի հոգան ՌԴ արտագաղթի ծառայութեան «պահապան հրեշտակները»: Իսկ այդ դրախտը, պարզուեցաւ, որ կը գտնուի Ռուսիոյ ծայրամասերուն մէջ, օրինակ՝ Ալթայի երբեմնի աքսորավայրերուն մէջ:
Հաւաքուածները տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ էին: Այս յուսալքուած զանգուածը արտագաղթի մղած էին նիւթական դժուարութիւններն ու հանապազօրեայ հացի փնտռտուքը: Անոնցմէ շատեր կ’երազէին ժամ առաջ հեռանալ երկրէն:
22-ամեայ Աննան առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանար արտագաղթի ծառայութիւն՝ ծրագրին մասնակցելու բուռն ցանկութեամբ: Ինծի հետ զրուցելու ընթացքին անկեղծացաւ. «հերթական անգամ հիասթափուեցի իմ երկրից. երբեւիցէ չէի պատկերացնի, որ այսքան շատ մարդ կը տեսնեմ այստեղ»: Մասնագիտութեամբ մանկաբարձ կին մը պատմեց, որ երեխաներուն հետ պիտի մեկնէր ամուսինին մօտ. «ես իմ մասնագիտութեամբ այստեղ հազիւ եմ գոյատեւում, երեխաս առողջական լուրջ խնդիրներ ունի, բուժման համար ահռելի ծախսեր են հարկաւոր: Այնտեղ ինչ գործ էլ լինի կ’անեմ, միայն թէ երեխաս ապաքինուի»: Ճարտարագէտ տղամարդ մըն ալ նշեց, որ Հայաստանի մէջ դժուար է աշխատանք գտնել, իսկ ՌԴ-ի մէջ, յոյս ունի, որ կը գնահատեն իր աշխատանքը. «քաղաքը դեռ չեմ ընտրել, բայց որտեղ էլ լինեմ՝ մէկ է, միայն թէ աշխատանք ունենամ»:
Նորեկները հերթագրուեցան ծառայութեան համար, զիրենք կ’ընդունին Դեկտեմբերի վերջը, քանի որ բաւականաչափ հերթ գոյացած է, իսկ գիւմրեցի երիտասարդ մը գոհ եւ ուրախ ելաւ ծառայութենէն՝ գործը եղած էր: «Վերջապէս ստացուեց, մի ամիս է գնում - գալիս էի: Մեզ մօտ՝ Գիւմրիում, յայտը ձեռագրով սխալ էին գրել, ստիպուած ձգձգուեց: Հիմա արդէն կարող եմ գնալ Կուրսկ: Ռուսաստանը հայերին նման հնարաւորութիւն է ընձեռել, ինչո՞ւ չօգտուեմ որ»:
Համաձայնեցէք, որ «Հայրենակիցները» Ռուսիոյ ժողովրդագրական խնդիրներուն լուծման համար հիանալի ծրագիր է: Իսկ թէ ի՞նչ հետեւանքներ կ’ունենայ այդ ծրագիրը խիստ ծերացող երկիրներուն շարքին դասուող Հայաստանի համար,առ այժմ մեր պետութիւնը այդ հարցով չէ մտահոգուած:
Մեզի հետ զրոյցին ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան արտագաղթի պետական ծառայութեան պետ Գագիգ Եգանեանը «Հայրենակիցներ»-ը համեմատեց ամերիկեան «Կրին քարտ» ծրագիրի հետ: «Հայրենակիցները» անցանկալի երեւոյթ է: Այլ բան է, երբ գնում են երկրից՝ վերադարձի պայմանով եւ այլ բան, երբ այլեւս չեն վերադառնում: Այն ՌԴ-ի կողմից հաստատուած ծրագիր է եւ մեզ հետ որեւէ առնչութիւն չունի»,- ըսաւ ան: Իսկ թէ ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ պետութիւնը այդ «անցանկալի երեւոյթը» կանխելու համար, արտագաղթի պետական ծառայութեան պետը զարմացնող պատասխան տուաւ. «ես պետութիւն չեմ, որ զբաղուեմ այդ խնդրով»:
ՌԴ նախագահի կողմէ հաստատուած ծրագիրը օրըստօրէ կը մաքրէ մեր երկիրը մեզմէ: Անոնք, որոնք մեր հայրենիքի անմիջական կառուցողներն են, այսուհետեւ կը դառնան օտարի հայրենակիցը, կը շէնացնէ օտարի երկիրը: Անոնց այսօր միայն մէկ հարց կը տանջէ՝  մնա՞լ, թէ՞ լքել հայրենիքը: