«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Իմ հրատարակած թերթը կարդալու խնդիր (Բ.)

Ամէն օր նորութիւններով լեցուն միօրինակութիւն մըն է մեր խմբագրական աշխատանքը։
Ո՜վ գիտէ քանի քանի անգամներ այս բացատրութիւնը տուած եմ մեր ներքին աշխատանքով հետաքրքրուող բարեկամներու ու համակիրներու։ Այո՛, միօրինակ աշխատանք մը որ կարծես ամէն օր նոյնը կը կրկնէ ժամացոյցի ճշգրտութեամբ։ Բայց կրկնուած այդ նոյնին մէջ ամէն օր նոր ու տարբեր բան մը կայ, նոր ու տարբեր զգայնութիւն մը, նոր ու տարբեր լրատուութիւն մը, նոր ու տարբեր մտահոգութիւն մը, նոր ու տարբեր ուրախութիւն մը։ Ամենօրեայ այդ նորը միօրինակ ամենօրեայ միօրինակութեան կուտայ կարեւորութիւն ու կենսունակութիւն։ Ամէն օր թերթ մը տուն կը տանինք, բայց ամէն օր նոր թերթ մըն է ատիկա։
Ճիշդ է որ պարբերաբար մեր ընթերցողներէն մէկը զարմանքով ու հեգնանքով կրնայ ինծի հարցնել.
-Դուն քու հրատարակած թերթը չե՞ս կարդար։
Բայց ճիշդ է նաեւ որ շատ յաճախ իրիկունը տուն երթալէ վերջ ինծի համար մեծ հաճոյք կը դառնայ օրուան թերթս ձեռք առնել ու քննել անոր սա կամ նա կողմը։ Կը կարդամ միւս գործընկերներուս կողմէ պատրաստուած լուրերը, զորս նմանապէս չեմ կարդացած հրատարակուելէ առաջ։ Յետոյ կը կարդամ իմ պատրաստած լուրերը, իմ յօդուածները։ Այս վերջինները միւսներուն չեն նմանիր, որովհետեւ անոնք իմ գրիչէս ելած են եւ ինծի ծանօթ նիւթեր են ու եթէ կը կարդամ, կը կարդամ ո՛չ թէ անոնց բովանդակութիւնը գիտնալու համար, այլ կը կարդամ որպէսզի տեսնեմ թէ ինչպէս գրեր եմ, որպէսզի տեսնեմ թէ ինչ տպաւորութիւն կը գործէ անոնց ընթերցումը, որպէսզի ես ինծի հարցնեմ թէ ընթերցողներն ալ պիտի զգա՞ն այն ինչ որ ես կը զգամ զանոնք կարդալու ընթացքին։
Եւ քանի որ ամէն օր տարբեր թերթ մըն է որ տուն կը տանինք, իմ տպաւորութիւնը ամէն օր նոյնը չէ։ Բայց ընդհանրապէս ես գոհ եմ հրատարակուած թերթէն։ Կը խոստովանիմ որ շատ յաճախ թերթը կը կարդամ ճիշդ օտարի մը պէս, որպէս այն սովորական ընթերցողը որ իրիկունը թերթը ձեռք կþառնէ ըսելով.
-Նայինք այսօր ի՞նչ կայ մեր թերթին մէջ։
Ես գրեթէ ամբողջութեամբ գիտեմ թէ ինչ կայ թերթին մէջ, այս պատճառաւ ալ իմս տարբեր տեսակէ հետաքրքրութիւն մըն է։ Թերեւս իմ ըսածը սա է.
-Նայինք ինչպիսի թերթ մը հրատարակեր ենք այսօր։
Է՜հ, ուրիշներ ինչ կþուզեն ըսեն կամ մտածեն, ես ընդհանրապէս գոհացուցիչ կը գտնեմ, նոյնիսկ երբեմն շատ լաւ, ամէն տեսակ գնահատանքի արժանի, զարմանալիօրէն յաջող։ Եթէ մէկ երկու սխալ կամ անհաճոյ բան տեսնեմ, անիկա չի փոխեր ընդհանուրին մասին իմ լաւ տպաւորութիւնը։ Կը մտածեմ որ մեր ընթերցողները պէտք է գոհ ըլլան որ այսքան բովանդակալից ու խնամեալ թերթ մը կը հրատարակենք։
Ահաւասիկ ճիշդ այս կէտին վրայ երբեմն բան մը կը խլրտի ներաշխարհիս մէջ։ Մտահոգիչ հարցում մը կը ցցուի մտքիս մէջ, հարցում մը որ մտքիս մէջ ցցուելով հանդերձ կը խոցէ ուղղակի սիրտս։ Հետեւեալը։ Ես սիրեցի թերթը, ես շատ որակաւոր գտայ թերթը, բայց ես զայն այդպէս գտայ իմ ճաշակիս համաձայն, իմ նախասիրութիւններուս լոյսին տակ։ Հապա ընթերցողնե՞րը։ Անոնք ալ նոյնքան պիտի սիրե՞ն թերթը, նոյնքան լաւ պիտի գտնեն։
Գաղտնիք չէ որ մեր հազարաւոր ընթերցողներուն միջեւ կան իրարմէ բոլորովին տարբեր ճաշակ ու տարբեր ակնկալութիւն ունեցողներ։ Կեանքիս մէջ ո՜վ գիտէ քանի անգամ կարծես ականջիս հասած է ձայնը ընթերցողի մը որ թերթը անդին շպրտած է ըսելով.
-Այս թերթին մէջ կարդալիք բան չկայ։
Քանիներ համարձակութիւնը ունեցած են ինծի ըսելու.
-Շատ գրաբար կը գրէք, մեր հասկնալիք լեզուով գրեցէք։
Ոմանք մեզի ըսած են.
-Մեր երիտասարդներուն յարմար նիւթեր չկան, մեր երիտասարդները այս ծանր նիւթերէն բան չեն հասկնար։
Ոմանք մեզի ըսած են.
-Այս որքան շատ գիր կայ, քիչ մը պատկերներուն ուժ տուէք, գունաւոր պատկեր տպեցէք։
Ոմանք ալ պախարակած են մեզ.
-Այս որքան շատ պատկեր կայ, մենք պատկերի՞ պիտի նայինք, թէ թերթ պիտի կարդանք։
Կրնամ ենթադրել թէ տակաւին ինչ ու ինչ կարծիքներ կամ առարկութիւններ կրնան յառաջ քշուիլ մեր սիրելի ընթերցողներուն կողմէ, եւ ես իսկապէս յարգանք ունիմ բոլոր կարծիքներու նկատմամբ։ Բայց յարգանք ունենալէ ուրիշ բան չեմ կրնար ընել։ Որովհետեւ բոլոր այդ զանազան կարծիքներուն մէջէն մենք մեր թերթը պիտի շարունակենք հրատարակել այնպէս ինչպէս հրատարակել  ենք մինչեւ այսօր։ Միշտ մեր ճաշակին համաձայն։ ՄԻշտ մեր արժեչափերով։ Որովհետեւ ինծի համար ամէնէն կարեւորն ու ծանրակշիռն է կարծիքը այն միւս ու միակ մարդուն որ ամէն գիշեր դիմացս պիտի նստի ու ինծի պիտի ըսէ թէ ինչպիսի թերթ մը կþուզէ տպուած տեսնել իմ խմբագրութեան տակ։ Այդ մարդը իմ երկրորդ եսս է, զիս հակակշռող իմ ոստիկանապետս, իմ սեփական ճաշակներս ու նախասիրութիւններս ձեւաւորած մարդը, մէկը որ ինձմէ ալ աւելի «ես» է, որուն ցուցմունքէն դուրս չեմ կրնար ելլել։
Եւ ասիկա արդէն միայն ինծի համար չէ։ Աշխարհի վրայ ամէն թերթ իր խմբագրին ճաշակը կը ցոլացնէ։ Ուրիշ կերպ չկայ։    (Վերջ)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)