Մարսէյլի մէջ, Սեպտեմբեր 12ին, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն՝ 107-ամեայ Ովսաննա Գալուստեանը: 

Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ լուրը, նշելով թէ ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, պայքարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ: Ան միշտ ներկայ կ'ըլլար Ապրիլ 24ի ոգեկոչական ձեռնարկներուն, իր թանկագին վկայութիւնները հրապարակելով: Ի դէպ, կ'ըսէր՝ «Աստուած ինձ երկար կեանք շնորհեց, որպէսզի կարենամ պատմել հայոց դաժան պատմութիւնը»:
Ծնած էր Ատապազար, Նոյեմբեր 1907ին: