Փաքիստանի իշխանութիւնները յայտարարած են թէ երէկ առաւօտեան Փեշաւարի դպրոցի մը դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով 104 մարդ զոհուեցաւ, որոնց կարգին՝ 84 երեխայ:

Իշխանութիւնները յայտնած են որ վիրաւոր երեխաներու թիւը գրեթէ նոյնն է, որքան սպաննուածներու թիւը:
Այս յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնած են Փաքիստանի մէջ թալիպանները: Ինչպէս յայտնի դարձաւ, երէկ կանուխ առաւօտեան դպրոց մուտք գործած են զինուած մարդիկ եւ կրակ բացած փոքրիկ աշակերտներուն դէմ: Լսուած են նաեւ պայթումներու ձայներ: