Նախապէս մրցակից տասնմէկ լրագիրներ կը միացնեն իրենց ջանքերը Սլովենիոյ մէջ, միացեալ համացանցային ծաւալուն կայքէջ մը ստեղծելով:
Piano Media անունով ծանօթ դարձած այս ծրագրին մէջ պիտի ներառնուին երկրի բոլոր թերթերը, որու սկզբնական փորձը Սլովաքիոյ մէջ կատարուած է, Ապրիլ 2011էն սկսեալ:


Ընթերցողները բաժանորդագրութիւն պիտի վճարեն տուեալ կայքէջը այցելելու համար:

Մամլոյ ապագային վերաբերող ահազանգ կը հնչէ նաեւ Իտալիոյ մէջ

Մօտաւորապէս 100 իտալական թերթերու կը սպառնայ ապագայի անորոշութիւնը, իտալական կառավարութեան վերջին որոշումէն ետք, ըստ որու կը դադրին մամուլին տրամադրուող բոլոր յատկացումները, 2012 տարեշրջանին համար: Իտալիոյ թերթերու միութեան ներկայացուցիչ Ռենցօ Սանթելի ահազանգ հնչեցուցած է, դիտել տալով թէ յատկացումներու կասեցումը ուղղակիօրէն պիտի առաջնորդէ թերթերու փակման: Սանթելի աւելցուցած է թէ գործազրկութեան վտանգի տակ են 4.000 լրագրողներ եւ թերթերու պաշտօնեաներ:
Վտանգուած թերթերու շարքին են պատմական լրագիրներ, ինչպէս ձախակողմեան Manifesto եւ համայնավարական LÿUnita, նաեւ կաթողիկէ հրատարակութիւն Avenire թերթը:
Անցեալ օրերուն մամլոյ հարցազրոյց մը տալով, Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնտի ըսաւ որ աններելի է յատկացումները բոլորովին ջնջելու քաղաքականութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ թէ լրատուութենէ եւ քննադատական ու հրապարակային հաղորդումներէ պիտի զրկուին Իտալիոյ քաղաքացիները: Այսուհանդերձ, ան դիտել տուաւ թէ տնտեսական տագնապի ճակատագրական այս պահերուն շատ կարեւոր է խիստ քննութիւն կատարել պետութեան կողմէ ծախսուած գումարներուն վրայ եւ պէտք է առարկայական նախադրեալներ ճշդել՝ գումարները ստացող համակարգերուն կապակցութեամբ: