Կանանց միջազգային օրուան առիթով, Յորդանանի թագուհին Ռանիա Ալ Ապտալլա, Մարտ 10-ին այցելած է Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած մարմնի պատասխանատուներուն հետ։ 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի 10 Մարտ 2013, առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք, Վեհափառ հայրապետը իր մօտ հրաւրեց Լիբանան ժամանակաւորապէս հաստատուած Սուրիահայերէն խումբ մը:

Փետրուար 26, 2013-ին, Լիթուանիոյ Խորհրդարանի (Seimas) ինը երեսփոխաններ հրապարակեցին հռչակագիր մը երկրի Խորհրդարանէն ներս Արցախի Հանրապետութեան հետ  Բարեկամութեան Խումբի ստեղծման իրենց որոշումի մասին:

Մէկ տարուան ընթացքին Հալէպի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին
լոյսին տակ մօտ 12-13 հազար հայեր հեռացած են քաղաքէն

 Հալէպի մէջ վերջին շաբթուան ընթացքին ելեկտրականութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ ընդհատուած է։ Այս տեղեկութիւնը «Արմէնփրէս»ին փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը։

Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական շրջանին Սիս թաղամասի մէջ գտնուող Կիլիկեան վարժարանի նախակրթարանը վերջին օրերուն տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին կողոպտուած է։