ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է շարունակելու իր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով.

ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Մարտ 6ին, ՄԱԿի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ մօտաւորապէս 30 զինեալներ առեւանգած են Կոլանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան անդամ 20 դէտեր, որմէ ետք ընդդիմութեան մօտիկ աղբիւրներ հաղորդած են, թէ ՄԱԿի խաղաղապահները առեւանգուած են, որովհետեւ անոնք կը նպաստէին շրջանը իշխանութեանց հակակշիռին վերադարձնելու փորձերուն:

Երեքշաբթի, 5 Մարտի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը՝ ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Կիներու Իրավիճակի (CSW) Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք 57-րդ Յանձնաժողովի նիստերուն Մարտ 4-15, 2013ին:

ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

Աւստրալիայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANC Australia) սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցի կապակցութեամբ քարոզչական արշաւի դիմած է: