
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի 10 Մարտ 2013, առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք, Վեհափառ հայրապետը իր մօտ հրաւրեց Լիբանան ժամանակաւորապէս հաստատուած Սուրիահայերէն խումբ մը:
Վեհափառ հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց կեցութեան ու գործին, ինչպէս նաեւ զաւակներուն կրթական կեանքին առնչուած հարցերով: Ան հրաւիրեց ներկաները, որ արտայայտուին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու կարիքներուն մասին:
Լսելէ ետք Սուրիահայերուն մտահոգութիւնները, Վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-
«ա) Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեամբ, միաբանութեամբ ու թեմերով եղաւ Սուրիահայութեան կողքին: Մեր Սուրբ Աթոռը միշտ պիտի մնայ այդպէս: Հանգանակութիւններ կազմակերպեցինք, որոշ գումար փոխանցեցինք. այս ընթացքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Սուրիահայ մեր ժողովուրդը լուրջ կարիքներու դիմաց է:
«բ) Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մեր թեմերուն, գաղութներուն, անհատ ազգայիններուն, որոնք սիրով ընդառաջեցին Սուրիահայութեան օժանդակելու մեր կոչին: Այս առիթով նաեւ մեր գնահատանքը ու շնորհակալութիւնը կ'ուզենք յայտնել Հայաստանի պետութեան ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, անոնց կատարած օժանդակութեան համար: Սուրիահայ գաղութը յատուկ կարեւորութիւն ունեցող գաղութ է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ օժանդակութիւնը Սուրիահայութեան վերանորոգ թափով շարունակուի:
«գ) Ինչպէս յաճախ շեշտած ենք, Սուրիահայութեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումը հրամայական է: Միա- սին ըլլալը, միասին խորհրդակցիլը ու միասնաբար ծառայելը մեր ժողովուրդին առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ մեր կեանքէն ներս: Առանց խտրութեան հարկ է օժանդակել Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ կայք հաստատած ու յատկապէս աջակցութեան կարիք ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ ա՛յս ոգիով կը գործեն մեր մարմինները Սուրիոյ մէջ:
«դ) Սուրիահայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Վստահ ենք, որ այս գիտակցութեամբ պիտի շարունակեն գործել մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներն ու մեր կառոյցները: Հայաստանի թէ Լիբանանի մէջ պայմաններու բերումով հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակները վըստահաբար պիտի վերադառնան իրենց տուներուն ու գործերուն Սուրիոյ մէջ, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի»:
Ապա Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանահայութեան, որ իր կարելին կը կատարէ օգտակար ըլլալու Լիբանան ապաստանած Սուրիահայ ընտանիքներուն: