Կանանց միջազգային օրուան առիթով, Յորդանանի թագուհին Ռանիա Ալ Ապտալլա, Մարտ 10-ին այցելած է Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած մարմնի պատասխանատուներուն հետ։ 

ՀՕՄէն հաղորդուած լրատուութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին երիտասարդ թագուհի Ռանիան ծանօթացած է կանանց միութեան իրականացուցած ձեռքբերումներուն եւ անոնց ապագայ ծրագրերուն, որոնք կը նպաստեն Յորդանանի հասարակութեան եւ յատկապէս կանանց՝ պահպանելով մայրենի լեզուն եւ հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ աջակցելով կարիքաւոր ընտանիքներու, հիւանդներու եւ տարեցներու։

Յորդանանի մէջ 1946-ին հիմնադրուած ՀՕՄ-ի ներկայ վարչութեան հետ հանդիպման ընթացքին, թագուհին շնորհաւորած է անդամները կանանց տօնին առիթով եւ յայտնած, որ Յորդանանը հարուստ է իր զաւակներով եւ անոնց բազմազանութեամբ, եւ հայերը այդ ընտանիքի մէկ մասնիկն են: «Մենք այսօր կը գտնուինք յորդանանեան իւրայատուկ կազմակերպութեան մը մէջ, որ ունի հայկական բուրմունք, որ յայտնի է իր յարգալից վերաբերումով եւ գործունէութեամբ», - ըսած է թագուհին։

Թագուհին ծանօթացած է ՀՕՄ-ի կողմէ ներկայացուած միութեան պատմութեան եւ ձեռքբերումներուն, որոնք բացայայտած են հայ-յորդանանեան ամուր յարաբերութիւնները։

Այցի ընթացքին ներկայացուած գեղարուեստական յայտագրի ժամանակ թագուհին ականատես եղած է միութեան «Արազ» պարախումբի կատարած հայկական պարերուն։

Ձեռնարկի աւարտին‘ թագուհին ներկայ գտնուած է նաեւ միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուած են հայկական ձեռագործներ, ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ։