ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏԻՆ
ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ Թուրքիա ժամանեց, երկօրեայ պետական այցելութեամբ:
Օլանտի այցելութիւնը՝ Ֆրանսայի նախագահի մակարդակով առաջին այցելութիւնն է Թուրքիա, 1992էն ետք, երբ Միթերան այցելած էր երկիրը:
Օլանտի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են եօթ նախարարներ եւ շուրջ չորս տասնեակ ֆրանսացի գործարարներ:
Օլանտ հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ապտալա Կիւլի եւ վարչապետ Էրտողանի հետ:
Ապտալա Կիւլի հետ հանդիպելով, նախագահ Օլանտ խօսեցաւ Ֆրանսայի ժողովուրդին մօտ Թուրքիոյ եւրոպական անդամակցութեան շուրջ առկայ մտահոգութիւններուն մասին, դիտել տալով, թէ «Ֆրանսացիներու քննարկման պիտի ներկայացնենք Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը»:
Ֆրանսուա Օլանտ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նշելով թէ «յուշի վերականգնումը դիւրին չէ, սակայն պէտք է անպայմանօրէն կատարել: Պէտք չէ յաջորդ սերուդներուն պարտադրել 100 առաջ տարի ապրած մարդոց ցաւերը»: Երբ լրագրողներուն կողմէ հարց տրուեցաւ եթէ Ֆրանսա Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ նոր օրինագիծ պիտի որդեգրէ, Օլանտ ըսաւ թէ «մենք պիտի կատարենք, այն ինչ որ ճիշդ է, եւ ուրիշ ոչինչ»:
«Հիւրրիյէթ» թերթը կը տեղեկացնէ թէ Օլանտ հանդիպում պիտի ունենայ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլ Տինքին։
ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏԻՆ
ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ֆրանսայի հայ համայնքը Օլանտի Թուրքիա կատարուած այցելութեան գծով բողոքի ցոյցեր կազմակերպեց անցեալ շաբաթավերջին:
Փարիզի Թրոքատերոյի հրապարակին վրայ խօսքերով հանդէս եկան հայկական համայնքի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, իսկ մէկ օր առաջ նոյնանման ցոյցեր տեղի ունեցան հայաշատ Լիոնի եւ Մարսէյլի մէջ:
Ֆրանսուա Օլանտի այցելութիւնը Թուրքիա անհանգստութիւն կը պատճառէ համայնքին, որ պարտաւոր կը զգայ Ֆրանսայի նախագահին յիշեցնելու իր պարտականութիւններու մասին: Օլանտ իը ընտրապայքարի նախօրեակին խոստումներ տուած էր հայութեան, թէ պիտի շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարը, ինչպէս եւ պիտի չթոյլատրէ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու վերսկսումը:
Ցոյցերուն ընթացքին բոլոր զեկուցաբերները շեշտեցին թէ Թուրքիա պատրաստ չէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու, քանի որ երկրէն ներս ժողովրդավարական սկզբունքներուն մէջ նահանջ կայ: