Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատ՝ «Ֆրանս փրէս» լրատու գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ, անդրադարձած է իր երկրէն ներս տիրող կացութեան:
Ան նշած է թէ ահաբեկչութեան անմարդկային, վայրենի ու դաժան գործողութիւնները կը յիշեցնեն այնպիսի իրավիճակներ որ 500 տարի առաջ առկայ էին միջնադարեան Եւրոպայի մէջ: «Անոնք կը յիշեցնեն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած զանգուածային սպանութիւնները, երբ անոնք սպաննեցին 1.5 միլիոն հայ ժողովուրդ եւ կէս միլիոն ուղղափառ ասորի» ըսած է Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը նշած է, որ սուրիական հակամարտութեան 3 տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ հանգամանքներու հետ դժուար էր համակերպուիլ: Ան յայտարարեց թէ Ժընեւեան համաժողովի առաջնահերթ խնդիրն է հասնիլ համաձայնութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ ճնշում գործադրել ահաբեկիչներուն աջակցող, զինող եւ ֆինանսաւորող երկիրներուն վրայ, ինչպիսին են Թուրքիա, Սէուտ Արաբիա եւ Քաթարը:
2014-Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1-ԷՆ Ի ՎԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
9 ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆԵԱԼ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ 11 Յունուարին հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ատրպէյճանցի զինեալ մը։ Յայտնի է միայն վերջինիս անունը՝ Սամիր Գախլը։ Զինեալը իրականութեան մէջ մահացած է Նոյեմբերին կամ ալ այդ ժամանակ արդէն յայտնի դարձած է, որ մահացած է։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները փաստօրէն աւելի քան մէկ ամիս ուշացումով կը հաղորդեն լուրը։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ Յունուարի սկիզբը յայտարարեցին, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու շարքին կռուող ատրպէյճանցի զինեալ Ռաուֆ Հալիլով, որ 2013-էն ի վեր Սուրիա կը գտնուէր, սպաննուած է։ Համացանցի վրայ տարածուած է իր ընտանիքին ուղղուած զինեալին կոչի տեսագրութիւնը։
Յունուար 13-ին ատրպէյճանական կայքերու փոխանցմամբ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն խմբաւորման անդամ զինեալ, ատրպէյճանցի Ազատը, որ ծանօթ է Ապտուրահման անունով։
Յունուար 16-ին յայտնի դարձած է, որ Սուրիոյ Համա նահանգին մէջ կառավարական ուժերու դէմ ընթացող մարտերու ժամանակ սպաննուած է Ապու-Զար Ազերի ծածկանունով ատրպէյճանցի զինեալ մը։
ՍՊԱՆՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ Է 14-ԱՄԵԱՅ ԶԻՆԵԱԼ ՄԸ
Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը, յղում կատարելով Սուրիայի մուճահիտական կայքերէն, հրապարակեց լուր մը, որ կռիւներու ընթացքին սպաննուած է ատրպէյճանցի 14-ամեայ զինեալ Նաճաֆ Քերիմովը։ Սուրիական կառավարական զօրքերուն դէմ կը կռուի նաեւ Քերիմովի հայրը։ Ըստ APA-ի Քերիմովի ընտանիքը ծագումով Նախիջեւանի Շարուրի շրջանէն է։ Քերիմովի հայրը, իր տիկնոջ եւ 4 զաւակներուն հետ 2013-ի Սուրիա հաստատ-ւած է, միանալու համար արմատական իսլամական ընդդիմութեան:
Հետեւելով ատրպէյճանական մամուլին՝ 2014-ի Յունուար 1-էն մինչեւ օրս Ատրպէյճան Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է առնուազն 9 զինեալ։