Բերիոյ թեմէն կը տեղեկանանք թէ անցնող օրերուն Հալէպի ապահովական վիճակը վատթարացաւ: Սուրիական օրինաւոր բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ'ունենան Զահրաա (քաղաքի արեւմտեան կողմը), Լերամուն (քաղաքի հիւսիս արեւմտեան կողմը),

Ռամուսէ (քաղաքի հարաւ արեւմտեան կողմը), Համտանիէ (քաղաքի արեւմտեան կողմը), Շէյխ Մաքսուտ (քաղաքի հիւսիսային կողմը), շրջաններուն մէջ: Ռամուսէի բախումներուն հետեւանքով ժամանակաւորապէս վտանգուած է Հալէպէն դուրս գալու միակ ճանապարհը՝ Խանասէրը: Խանասէրի ճանապարհը կը բանի, սակայն բախումներու սաստկացման պարագաներուն, ապահովական նկատառումներով, ժամանակաւորապէս կը փակուի: Երէկ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն վերջ Խանասէրի ճամբով անցնող ճամբորդութիւնները առկախուած են: 

Միւս կողմէ, յայտնենք թէ կը շարունակուի զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրասանդերու արձակումը Հալէպի զանազան թաղամասերուն մէջ: Երէկ առաւօտեան, չորս հրասանդեր պայթեցան Նոր Գիւղ շրջանի տարբեր թաղամասերուն մէջ, պատճառելով նիւթական վնասներ: Արձանագրուած է մէկ հայ վիրաւոր եւ կը շարունակուին թէժ բախումները։ Զինեալ խմբաւորումներ կը շարունակեն տասնեակներով հրասանդեր եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն, յատկապէս ՆորԳիւղ շրջանին վրայ՝ մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ հասցնելով բնակչութեան։ Արձանագրուած են հայ եւ տեղացի վիրաւորներ, զոհեր։ Վիրաւոր հայորդիներու անուններն են՝ Վրէժ Եագուպեան, Ժագ Տէկիրմենճեան, Յարութ Աբիկեան, Արաքսի Օրուլեան, Յասմիկ Մանուէլ-Թիւթիւնճեան, Կարօ Քարակիւլլէյեան։
Տեղացի զոհերուն կողքին, զոհուած են նաեւ երկու հայորդիներ՝ Սագօ Աշնալըքեան եւ Լեւոն Գէորգեան։
Նախազգուշութիւն ուղղուած է տեղացիներուն զգոյշ ըլլալ, հեռու մնալ պատուհաններէ եւ պատշգամներէ, իսկ պայթիւններու ձայներ լսելու պարագային անմիջապէս դուրս չելլել։

ԵԽԽՎը Կը Դատապարտէ Քեսապի Խաղաղ
Բնակիչներուն Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընդունուած է գրաւոր հռչակագիր, որով կը դատապարտուի Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնները։ Այս մասին գրած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Փաստաթուղթին հեղինակներն են Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արփինէ Յովհաննիսեանը, Դաւիթ Յարութիւնեանը, Նայիրա Կարապետեանը, Մհեր Շահգելդեանը եւ Նայիրա Զոհրաբեանը: Փաստաթուղթը ստորագրած են վեհաժողովի 22 պատգամաւորներ, անիկա նաեւ բաց է ստորագրելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք հռչակագիրը.
«Մենք՝ խորհրդարանական վեհաժողովի հռչակագիրը ստորագրած անդամներս, խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հինաւուրց եւ գլխաւորապէս հայաբնակ Քեսապ քաղաքին մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն գծով: Այդ քաղաքին վրայ յարձակումները կատարած են Ալ Քայիտայի հետ գործող ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք Սուրիոյ տարածք ներխուժած են թրքական սահմանէն: Գլխաւորապէս բնակավայրի խաղաղ բնակչութեան հանդէպ կիրարկուած վայրենութիւնները ստիպած են տեղացիները լքելու իրենց տուները: Ծայրայեղական խմբաւորումները պղծած են Քեսապի հայկական եկեղեցիները եւ վնաս պատճառած են բնակիչներուն ունեցուածքին: Ասիկա շարունակական մարդասիրական ճգնաժամ է: Հաշուի առնելով Սուրիոյ մէջ առկայ զինուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, որոնց կարգին նաեւ հայերու պաշտպանութիւնը ապահովելու խիստ անհրաժեշտութիւնը, մենք խստօրէն կը դատապարտենք եւ անընդունելի կը նկատեն ուժի նմանատիպ կիրարկումը խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ՝ անկախ անոնց ազգային կամ կրօնական պատկանելութենէն:
Մենք կը յորդորենք Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի արգիլէ ծայրայեղական խմբաւորումներուն կողմէ այդ երկրի տարածքը որեւէ կերպով օգտագործելու հետագայ կարելիութիւնները եւ հետաքննելու այդ խմբաւորումներուն թրքական աջակցութեան տրամադրման մասին բոլոր տեղեկութիւնները:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռական ջանքեր գործադրէ գաղթականներուն, որոնց կարգին հայերուն անվտանգութիւնը, ապա հարազատ բնակութեան վայր անոնց արժանապատիւ վերադարձը ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ անոնց մեծ կարիքները հոգալու համար անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրէ»: