Թրքական առաջատար օրաթերթերէն մէկը հանդիսացող «Հիւրրիյէթ»ի համացանցային տարբերակի բաժանորդագրութեան բաժինին մէջ, պետութիւններու ցանկին վրայ ներառուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը (ԼՂՀ).
այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենի հապեր» լրատուական կայքը: Այս փաստը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ:
««Հիւրրիյէթ»ի կողմէ մեծ անարգանք՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ» վերնագիրով, նշեալ նիւթին անդրադարձած է ատրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքը, որ նշած է, թէ այս հարցով կը զբաղի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլլաեւ ըսած է, որ այս գծով պարզաբանում ստանալու համար, Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունէն բացատ- րութիւններ պահանջուած են: Ապտուլլաեւի համաձայն՝ Պաքու կ՛ուզէ գիտնալ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անունը թերթի կայքին վրայ յայտնուած է սխալմա՞մբ, թէ այլ պատճառով: