Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի՝ «Մարդկութեան դէմ երիտասարդ թուրքերու կատարած յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ էթնիկ զտումները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» (The Young Turks’ Crime Against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire) աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու միութեան (Middle East Studies Association - MESA) կողմէ ընտրուեցաւ 2013-ի լաւագոյն գիրքը:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Թարաֆ» թերթը: Մրցանակը Աքչամին յանձնած են յայտնի գիտնականներ Վահագն Տատրեան եւ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան:
MESA-ի յանձնաժողովը մրցանակը Թաներ Աքչամին յանձելու ժամանակ յայտարարած է. «Ասիկա Հայոց ցեղասպանութեան մասին մինչեւ այսօր եղած ամենահզօր պատմական թէզն ու շատ ազդեցիկ գիտական աշխատութիւն է»:
Պարգեւատրման առիթով իր պատասխան խօսքին մէջ Թաներ Աքչամ ըսած է.- «Մրցանակ շնորհելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքին՝ իրականութեան մէջ, MESA-ն գուցէ եւ կը յայտնէ Օսմանեան պատմագրութեան շրջանի մը աւարտին մասին»:
Թաներ Աքչամ (ծնած է 23 Հոկտեմբեր, 1953-ին) թուրք պատմագիր, ընկերաբան եւ հեղինակ է: Ան առաջին թուրք գիտնականներէն մէկն է, որ ճանչցած եւ բացայայտօրէն կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թաներ Աքչամ ծնած է Արտահան: Ան քաղաքականութեամբ զբաղած է երիտասարդ տարիքէն: 1976-ին ձերբակալուած է իբրեւ ուսանողական քաղաքական պարբերականի խմբագիր եւ դատապարտուած է 10 տարուան բանտարկութեան: Մէկ տարի ետք փախած է բանտէն եւ ապաստանած է Գերմանիա «Միջազգային Ներում» կազմակերպութեան հովանիի տակ: 1988-էն սկսած է աշխատիլ Համպուրկի Ընկերային ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին մէջ: Այդտեղ սկսած է հետաքրքրուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերով եւ այդ թեմային շուրջ դոկտորական թէզ պաշտպանած է 1996-ին Հանովըրի համալսարանին մէջ: 2002-էն սկսած փրոֆէսորի հրաւիրեալ օգնական է Մինեսոթայի (ԱՄՆ) համալսարանին մէջ: