Թրքական գրգռութիւններ՝ նախքան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Յունաստան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցելութիւնը կը սպասուի Յունաստան:
Իր ժամանման սակայն նախորդեցին թրքական սովորական գրգռութիւնները, «Պարպարոս» թրքական հետազօտական նաւուն կողմէ, որ խախտեց Կիպրոսի ծովային սահմանագիծը:
Կիպրական ՌԻՔ հաղորդեց, թէ Ահմէթ Տաւութօղլու Աթէնքէն անմիջապէս ետք, պիտի ժամանէ Կիպրոսի գրաւեալ բաժին: Այս այցելութեան նպատակն է Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Կիպրական հարցի շուրջ հետաքրքըրութիւն յառաջացնել: Ան Աթէնք պիտի գտնուի յառաջիկայ Ուրբաթ Դեկտեմբեր 13-ին եւ յաջորդ օր պիտի ժամանէ Կիպրոսի գրաւեալ բաժինը:
Կը նշուի թէ յառաջիկայ շաբաթ, Կիպրոս պիտի գտնուի նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդատու Ալեքսանտըր Տաունըր եւ յստակ է, թէ Տաւութողլուի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան միջազգային կազմակերպութեան Աւստրալիացի պաշտօնակատարի, Կիպրոսի մէջ ունենալիք տեսակցութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ:
Կ’ակնկալուի թէ Ալեքսանտըր Տաունըր պիտի ժամանէ Կիպրոս վաղը եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ մինչեւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, օրակարգի միակ նիւթ ունենալով միացեալ յայտարարութեան պարունակութեան մասին համաձայնութեան կայացումը:
Տաւութողլուի Աթէնք կատարած ճամբորդութիւնը կ’առնչուի Յունաստանի կողմէ Յուն- ւար 1-էն սկսեալ Եւրոպական Միութեան նախագահութեան ստանձնումին: Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններուն մէջ, Անգարայի կողմէ, յունական կողմի ուշադրութեան պիտի ներկայացուի թուրք քաղաքացիներու Եւրոպա մուտքի վիզայի դիւրացման արտօնութեան հաստատումը: Նոյն պահուն, Կիպրոսի մէջ Տաւութօղլու պիտի կրկնէ Կիպրական հարցին շուրջ իր ունեցած ծանօթ եւ ընդհանրացած մօտեցումները:
Վերջին օրերուն, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական բնոյթի խորհրդակցութիւններ, յոյն-թրքական երկու նախարարութիւններու ընդհանուր քարտուղարներու մակարդակով:
Ահմեթ Տաւութօղլու. «Մենք շաւ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի հետ: Միակ բացակայ օղակը Հայաստանն է»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Երեւան կատարելիք այցելութենէն քանի մը օր առաջ կրկին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին:
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Տաւութօղլու «Հապերթուրք» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ մենք գերազանց յարաբերութիւններ հաստատենք Հայաստանի հետ, միեւնոյնն է‘ անոնք վտանգուած պիտի ըլլան այնքան ժամանակ, քանի տակաւին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն չէ հաստատուած»:
«Մենք շաւ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի հետ: Միակ բացակայ օղակը Հայաստանն է: Եթէ հայերը կը ցանկան մաս կազմել այս ընդհանուր պատկերին, ապա պէտք է յարգեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է Տաւութօղլու: