- Details
- Category: Հայ Դատ
Երէկ Չորեքշաբթի 25 Յունուարին, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած է Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը, ողջունելով Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի ընդունումը: Մամլոյ հաղորդագրութիւնը յղուած է Յունաստանի բոլոր թերթերուն, ինչպէս եւ հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի կայաններուն:
- Details
- Category: Հայ Դատ
Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը ցնծութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ: Երեքշաբթի, 24 Յունուարին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական ու «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակիցները իրենց երախտագիտութիւնը փոխանցեցին Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան:
Պահ մը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական ցոյցէն
- Details
- Category: Հայ Դատ
Անցեալ շաբթու ընթացքին կատարուածը, յանձնախումբին կողմէ բանաձեւի հակասահմանադրական նկատուիլը՝ ծրագիրը ձախողեցնելու փորձ մըն էր միայն, քանի որ որեւէ կերպով չյաջողեցաւ կասեցնել Ծերակոյտէն ներս քննարկումը։
- Details
- Category: Հայ Դատ
Ֆրանսայի ազգային ժողովի պատգամաւոր, իշխող «Միութիւն յանուն ժողովրդավարական շարժման» կուսակցութեան անդամ հայազգի Փաթրիկ Տեւեճեանը ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ թրքական Milliyet-ին։
Հատուածներ հարցազրոյցէն.
- Details
- Category: Հայ Դատ
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը
եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը շնորհակալական հաւաք կը կազմակերպեն այսօր Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ