Ընտրական տարօրինակ պայքարէ մը ետք, Ամերիկա պիտի ընտրէ այսօր իր նոր նախագահը: Հարիւր տասնը չորս միլիոն արձանագրուած ընտրողներ, բայց իրականութեան մէջ միայն 71 միլիոն հոգի քուէատուփերը պիտի երթան՝ նշանակելու համար իրենց նոր նախագահը:

Մարդիկ ուրիշ որեւէ ատենէ աւելի՞ կը կարդան ներկայիս: Ֆրանսացի փորձագէտներ այս հարցով զբաղեցան եւ շահեկան հաստատումներ ըրին:

Ամսոյս 18-ին, Կիրակի, Հելիոպոլսոյ ''Յուսաբեր" ակումբին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը՝ կազմակերպութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով: Բեմին երկու կողմերը զարդարուած էին եգիպտական եւ հայկական եռագոյն դրօշներով:

-Շաբաթ օր, տեղի ունեցաւ Խորհրդարանի նոր նստաշրջանի բացումը, ի ներկայութեան վարչապետ պրն. Ե. Բաբանտրէուի, կառավարութեան անդամներու, կուսակցապետերու եւ գրեթէ բոլոր երեսփոխաններուն։ Նիստը բացուած յայտարարեց՝ նախորդ նստաշրջանի փոխ նախագահ պրն. Էմ. Պագլածիս։ Տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Աթէնքի եւ համայն

Օդային գծով Աթէնք ժամանեցին Գալիֆորնիոյ Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախագահ պրն. Յովսէփ Փիրումեան եւ վարիչ քարտուղար պրն. Բիւզանդ Կռանեան, որոնք օդանաւակայանին մէջ ընդունուեցան թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Արք. Այվազեանի, Ազգային Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանի, Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի տիկին Սոնա Ներսէսեանի,