Օդային գծով Աթէնք ժամանեցին Գալիֆորնիոյ Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախագահ պրն. Յովսէփ Փիրումեան եւ վարիչ քարտուղար պրն. Բիւզանդ Կռանեան, որոնք օդանաւակայանին մէջ ընդունուեցան թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Արք. Այվազեանի, Ազգային Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանի, Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի տիկին Սոնա Ներսէսեանի,
խորհրդական տիկին Սիրարփի Գոհարունիի, «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչ ընկ. Դանիէլ Դանիէլեանի եւ այլոց կողմէ։ Ինչպէս գրած էինք, պրն. Փիրումեան եւ պրն. Կռանեան Ամերիկայէն Պէյրութ գացած էին ներկայ գըտնուելու համար Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նորակառոյց փառաւոր գոլէճի բացման հանդիսութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ՝ Հիմնարկութեան գանձապահ պրն. Կոկեան, որ գործի բերումով շուտով Ամերիկա վերադառնալ ստիպուած ըլլալով՝ չկրցաւ միասին Աթէնք գալ։ Հիմնարկութեան նախագահ պրն. Փիրումեան եւ վարիչ-քարտուղար պրն. Կռանեան մէկ քանի օր պիտի մնան Աթէնք, Հ. Կրթ. Հիմնարկութեան Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Գոքինիոյ Ազգային եւ Զաւարեան Միացեալ Վարժարանները այցելելու ինչպէս նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան հետ խօսակցութիւններ ունենալու համար։ Հաւանաբար, նպաստաւոր օդէն օգտուելով՝ այցելեն նաեւ Աթէնքի տեսարժան վայրերը։
Հայաստանի ելեկտրական եւ ելեկտրոնական ճարտարարուեստի կատարելագործուած սարքաւորումներէն օգտուելով, խորհրդային գիտնականներու ընտրութեամբ Հայաստանի մէջ սկսած է շինութիւնը՝ վեց միլիառ ելեկտրոն-վոլթ զօրութիւն ունեցող մասնիկներու արագացուցիչի մը։ Այս գործիքը պիտի ծառայէ նիւթին ամէնէն խորազնին ուսումնասիրութեան։ Կազմին անհրաժեշտ մագնիսը բաղկացած է 800 թոն կշռող՝ 48 մասերէ։ Կը նախատեսուի թէ 1965ի վերջաւորութեան շինութիւնը աւարտած կþըլլայ։