-Շաբաթ օր, տեղի ունեցաւ Խորհրդարանի նոր նստաշրջանի բացումը, ի ներկայութեան վարչապետ պրն. Ե. Բաբանտրէուի, կառավարութեան անդամներու, կուսակցապետերու եւ գրեթէ բոլոր երեսփոխաններուն։ Նիստը բացուած յայտարարեց՝ նախորդ նստաշրջանի փոխ նախագահ պրն. Էմ. Պագլածիս։ Տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս ամէն. Տ. Խրիսոսթոմոս Սրբազանի։ Պ. Պագլածիս կարդաց՝ առաջին նստաշրջանի փակման թագաւորական հրովարտակը։ Նախագահ պրն. Պագլածիս կարդաց կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութեանց մասին վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի կողմէ խորհրդարանի նախագահութեան յղուած նամակները։ Նմանապէս կարդաց բացակայ երեսփոխաններու հեռագիրները։ Ապա տեղի ունեցաւ գաղտնի քուէարկութիւն՝ նոր նախագահի ընտրութեան համար։ Կառավարութեան ¥կեդրոնի միութեան¤ թեկնածուն էր նախորդ շրջանի նախագահը՝ պրն. Աթանասիատիս¬Նովաս, Ազգ. Արմատական Միութեանը՝ կուսակցութեան պետ պրն. Բ. Քանելոբուլոս եւ Ձախերունը՝ ¥ԷՏԱ¤ կուսակցութեան պետ պրն. Ե. Բասալիտիս։ 168 քուէով նախագահ ընտրուեցաւ պրն. Նովաս։ Պրն. Քանելոբուլոս ստացաւ 100 քուէ իսկ պրն. Բասալիտիս՝ 20։ Պրն. Նովաս խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրորդ անգամ իրեն հանդէպ ցոյց տրուած վստահութեան համար եւ ապա՝ պարզեց Առաջին նստաշրջանի ընթացքին խորհրդարանի եւ լիազօր յանձնախումբի կատարած գործը, զոր խիստ գոհացուցիչ գտաւ։ Շեշտեց՝ թէ կառավարութիւնը մեծ թիւով օրինագծեր պիտի ներկայացնէ կարեւոր բարեփոխութեանց համար։ Պրն. Բաբանտրէու խօսք առնելով ողջունեց քուէարկութեան արդիւնքը եւ շեշտեց՝ թէ ամէն օր կþաւելնայ կառավարութեան ժողովրդական աջակցութիւնը։
-Կեդրոնական Վիէթնամի շրջանին մէջ աննախընթաց ողողումներ պատահեցան անցեալ օր։ Աւելի քան հինգ հազար հոգի խեղդուած են։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ անպատսպար մնացած են։ Տարիներ պէտք է անցնին որպէսզի կեանքը իր նախկին թափը վերագտնէ։