Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Գոքինիոյ Սօսէ-Պալեան եւ Ֆիքսի Արշալոյս-Ջամալեան խումբերու կողմէ կազմակերպուած միջանդամական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 9-ին, Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական ակումբին մէջ, որ հաւաքոյթին առթիւ նրբաճաշակ կերպով զարդարուած էր գունաւոր լոյսերով, լուսամփոփներով եւ եռագոյն թուղթերով։

Հոկտեմբեր 10-ին, փառաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նորվեկիական Գաղթականական կազմաերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան կողմէ կառուցուած ու մեծանուն մարդասէր եւ հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի յիշատակին նուիրուած ծերանոցի շէնքին բացումը, թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տէր Սահակ արք. Այվազեանի կողմէ։

Երեւանի մէջ, լոյս տեսած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Պատմա-բանասիրական հանդէս»ին այս տարուան երրորդ թիւը։

Հին դարերէն սկսեալ, հայեր մասնակցած են ողիմպիական մրցումներուն: Պատմութեան յիշած հին ողիպիականներու վերջին յաղթականը ՀԱՅ մըն է՝ իշխան Վարազդատ:

Տի֊տի֊մո֊թի֊խո֊յի Ս. Գէորգ ե֊կե֊ղեց֊ւոյ տօ֊նա֊կատա֊րու֊թիւ֊նը եւ ուխ֊տագ֊նա֊ցու֊թիւ֊նը այս տա֊րի տե֊ղի ու֊նե֊ցաւ ան֊նա֊խըն֊թաց շու֊քով։ Հա֊ւա֊տա֊ցեալ֊նե֊րու խում֊բեր ե֊կած էին՝ Թե֊սա֊ղո֊նի֊կէէն, Ա֊լեք֊սանդ֊րու֊պո֊լի֊սէն, Նէա¬Օ֊րես֊թիա֊տա֊յէն եւ այլ վայ֊րե֊րէ։ Այս տա֊րի ալ ուխ֊տա֊