Խոր կսկիծով տեղեկացանք ժամանակակից մեր գրականութեան առաջաւորներէն՝ խմբագիր, գրագէտ, հրապարակագիր, հրապարակախօս ու բեմբասաց Պօղոս Սնապեանի մահուան գոյժը։
Գրական բարոյականութեան ջատագով՝ բարոյականացած պատասխանատուութեան օրինակո՛վ։ Այս մէկը եղաւ իր մտաւորական մարդու մարդկային բնական բնորոշիչ յատկանիշը։
Գրականութեան մէջ գտաւ ինչ որ փնտռեց հայ կեանքին մէջ ու չգտաւ։ Եւ այդ պատճառով ալ երբեք մինակ չզգաց իր ստեղծագործական լայնատարած ասպարէզի տասնամեակներուն մէջ։
Իր գիրքերու հերոսներուն ընդմէջէն յարգեց ու միաժամանակ վեր առաւ հայ մարդու ազատատենչ դիմագիծն ու կերպարը։
Պօղոս Սնապեան կը պատկանի բոլոր ժամանակներու անցեալին, ներկային ու ապագային։
Տասնամեակներու իր խմբագրապետական պաշտօններու ընդմէջէն ապրեցաւ ու ապրեցուց հայութիւնն ու հայկականութիւնը արտակարգ զգացողութեան գիտակցութեամբ, քանի խմբագիրներն ու ընդհանրապէս խմբագ- րութիւնը հիմնուած են հայ մարդուն ու հայ կեանքին տագնապներուն ու ճշմարտութիւններուն վրայ։
Իբր հայ գրող ու մտաւորական եղաւ գաղափարական քաղաքականութեան ջա- տագով, եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց գաղափարաբանական հասունացումի կարծր տարիներ։ Հիմա, որ այդ տարիները նկարագիր ու խորք կը փոխեն, յաճախ հարց կուտանք. ո՞ւր է հայ մտաւորականը. ո՞ւր է հայ մտաւորականութիւնը։
Սնապեան մարդը եւ Սնապեան գրողը հայրենիքը փոխադրեց ո՛ւր որ գնաց։ Սահմաններէն ներս, թէ սահմաններէն անդին։ Եւ այդ մէկը ընելու համար՝ մերթ ինքզինքին հետ մրցումի ելաւ, մերթ լարուած պարանի վրայ քալեց, բայց այդ պարա- նէն վար չինկաւ։
Խորապէս կը հաւատար, որ հայկական մտածում, մտածելակերպ, արտայայտչական ոճ ու ձեւ, չեն կրնար զարգանալ առանց հայերէն լեզուին։ Լեզուն հիմնուած, հիմնաւորուած ու կառուցուած է հայու մտածումին վրայ. հետեւաբար ամէն ազգի իմացական մակարդակը հիմնականօրէն կը բնորոշուի ազգի քաղաքակրթական ստեղծագործութեան մակարդակի արժէքին վրայ։ Եւ իր խօսքն ու գիրը գաղափարական խորք ու նկարագրական յատկանիշներ ունեցաւ։ Յաճախ հարց կուտար թէ ինչո՞ւ կը մեռնի հայոց լեզուի հռչակը։ Երբեմն իր հարցումին պատասխանը կը գտնէր, երբեմն ալ չէր գտներ։
Պօղոս Սնապեան ապրեցաւ մտածումներու եւ մտածողներու յեղափոխութեան մը մէջ եւ իր յեղափոխութիւնը՝ խօ՛սք, որա՛կ ու տեսակէ՛տ ունէր։
Վերջին ջերմ բարեւ մը հայ գրականութեան տիտանին։ Տիտանացած հայո՛ւն։ Հայն ու հայութիւնը, բայց մանաւանդ հայ գրականութիւնը իր վերջաւորութեան հասած չէ։ Պիտի շարունակէ իր յաղթական երթը։ Հայու գոյատեւման բնազդը ցամքած չէ։ Պիտի չցամքի։ Կը խոստանանք։ Լաւագոյն երախտիք՝ իր անմեռ յիշատակին համար։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ