Երկու շաբթուան անջատումէն ետք, Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի մատակարարումը վերսկսաւ:
«Արմենփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ հասանելի ջուրը տակաւին կը մնայ խմելու համար անօգտագործելի:
Ռէյիսեանի համաձայն, Հալէպի բազմաթիւ փողոցներու մէջ կարելի է տեսնել երկար շարքերով ջուր ամբարելու համար իրենց կարգը սպասող ժողովուրդ:
Տասնեակ քաղաքացիներ թունաւորուած են անօգտագործելի ջուրը խմելու պատճառով, յայտնած է Ռէյիսեան:
Նշենք, որ Մայիս ամսուան ընթացքին ջուրի խողովակի պայթումին պատճառով Հալէպը զրկուած էր ջուրէ:
Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է նաեւ, որ վերջին օրերուն Հալէպի վրայ ռմբակոծութիւնները համեմատաբար նուազած են, սակայն գիշերները կը շարունակուին օդային ռմբակոծութիւնները: Ան ըսած է նաեւ, որ Նոր Գիւղի եկեղեցւոյ սրահներէն մէկուն մէջ կը մնան հարիւրէ աւելի հայորդիներ, ուրիշներ տեղափոխուած են աւելի ապահով շրջաններ կամ իրենց հարազատներուն-բարեկամներուն տուները:
Ելեկտրական հոսանքը՝ հազիւ 6 ժամ
Ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան, Ռէյիսեան յայտնած է, որ օրուան ընթացքին, լաւագոյն պարագային ելեկտրական հոսանքը կը տրամադրուի 6 ժամ: