Գոքինիոյ «Զաւարեան» թատերասիրացը,  ներկայացուց ֆրանսացի գրագէտ Ռիշար Ֆոշի «Անմեղի մը գողգոթան», իրական կեանքէ առնուած բիէսը, որ յուզումի պահեր ապրեցուց բոլոր հանդիսականներուն։

Երեւանը մօտ ապագային պիտի ունենայ մէկ  միլիոն բնակչութիւն։ Քաղաքը պիտի բաժնուի բազմաթիւ շրջաններու, ենթաշրջաններու եւ թաղամասերու։ Պիտի ստեղծուին նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան յարմարաւէտ ու խիտ ցանցեր։

Թեսաղոնիկէի Քրիստոնէական Ընկերակցութեան ընդարձակ սրահին մէջ, արժանավայել շուքով տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 73-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։

Ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց թէ՝ պատրաստուած է կորիզային ռումբ մը, որ կրնայ գործածուիլ պատերազմի դաշտերուն վրայ։

Երէկ կէսօրէ ետք, օդային գծով իր քարտուղարին հետ Փարիզ մեկնեցաւ նախորդ վարչապետ եւ Ազգային Արմատական կուսակցութեան պետ պրն. Գարամանլիս։