Թեսաղոնիկէի Քրիստոնէական Ընկերակցութեան ընդարձակ սրահին մէջ, արժանավայել շուքով տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 73-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։

Ներկայ էին՝ արժանապատիւ հայրեր՝ Տէր Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիզեան եւ Տէր Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, Միութեանց ու կազմակերպութեանց յարգելի ներկայացուցիչները եւ ստուար թիւ մը երկսեռ հայրենակցիներու, որոնք փութացած էին իրենց յարգանքն ուն համակրանքը յայտնելու հայութեան անզուգական զաւկին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ 73 տարիներէ ի վեր անձնուիրաբար կը ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ հայ հայրենիքին։ Երգչախումբին կողմէ երգուած հելլէն եւ հայ ազգային ոգերգներէն վերջ, օրուան նախագահ՝ ընկ. տոքթ. Աբրահամ Աբրահամեան, նախ հակիրճ խօսքերով բացատրեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան մատուցած ծառայութիւնները հայ ժողովուրդի ազգային¬քաղաքական դատին։ Մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք յիշատակը Դաշնակցական նահատակուած անձերուն, ընկեր նախագահը գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։ Այսպէս, Պատանեկանի անդամներէն՝ Արաքսի Աբէլեան եւ Յակոբ Գասապեան արտասանեցին  երկուական քերթուածներ։ Երիտասարդացի կողմէ՝ ընկ. Վահէ Աւետիսեան կարդաց խնամուած եւ իմաստալից ուղերձ մը, ուր վեր առնելէ վերջ Դաշնակցութեան պանծալի դերը հայ իրականութեան մէջ, կը յայտնէր հաւատաւոր երիտասարդութեան Հ. Յ. Դ. դրօշին տակ հայ ժողովուրդին ծառայելու անխախտ ուխտը։ Երգչախումբը՝ իր արժանաւոր խմբավար պրն. Արթիւր Մորճիկեանով, առանցքը կազմեց յայտագրին եւ երգած իր ազգային¬յեղափոխական երգերով խանդավառութեան սարսուռ սփռեց բոլորի սրտերուն մէջ։ Յետոյ խօսք առաւ ընկ. Լեւոն Ճլկունի, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան ծագման, զարգացման եւ իր մղած պայքարին։ Երիտասարդ ընկեր Աւետիս Քրիւքճեան զգաոցւմով արտասանեց Յովհ. Շիրազի «Պատգամ»ը։ Յաջորդեցին հայկական պարեր, որոնք կատարուեցաւ Պատանեկանի պարախումբին կողմէ, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն։