Կիրակի օր, Ֆիքսի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ, համակիրներու եւ ընկեր-ընկերուհիներու բազմութեան մը ներկայութեան, ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնուեցաւ Դաշնակցութեան Օրը՝ կազմակերպութեամբ Աթէնքի ընկերներուն։

Կանուխէն, հանդիսականները տեղ գրաւած էին գեղեցկօրէն զարդարուած սեղաններու շուրջ, ու կը ճաշակէին պատրաստուած ճոխ աղանդերներն ու ընտիր գինին։ Օրուան թամատա ընկ. Օննիկ Օննիկեան հանդէսի մասը բանալով ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան ու գործին։ Ընկեր թամատայի հրաւէրով խօսք առին նաեւ պրն. Սարգիս Մանուկեան եւ Խեչօ Խաչատուրեան։ Երկու յաջող արտասանութիւններ եւ մեներգ մը ըրաւ ընկ. Կարօ Ղեւոնդեան։ Ապրումով արտասանութիւն մըն ալ ըրաւ տիկին Աղաւնի Պետրոսեան։ Մերօրեայ կեանքէն առնուած երեք գեղեցիկ մանրավէպեր պատմեց եւ բանաստեղծութիւն մը արտասանեց ընկ. Մարգար Շարապխանեան։ Օրուան բանախօս ընկ. Օննիկ Զաքարեան կուռ բանախօսութեամբ մը վեր առաւ Դաշնակցութեան 73 տարիներու պայքարն ու զոհողութիւնները՝ յանուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ հայրենիքի ստեղծման։ Մէջընդմէջ երգուեցան յեղափոխական երգեր եւ ունկնդրուեցան Հայաստանէն բերուած ձայնապնակներ։ Թամատայի հրաւէրով խօսեցաւ՝ ընկ. Դ. Դանիէլեան։ Չարենցի «Գովգ Հայաստանի»նը արտասանեց ընկ. Վ. Եսայեան։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ հաւաքոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ կէս գիշեր։

 

Նախագահ Ճոնսըն Գոնկրէսին առաջարկեց   հրապարակ հանել կէս տոլարնոց դրամանիշեր, անոնց վրայ զետեղելով սպաննուած նախագահ Քենէտիի նկարը։ Այս առաջարկին կապակցութեամբ օրինագիծ մը յղեց Խորհրդարանին։ Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի քաղաքապետութիւնը, քաղաքի Այտըլուիլտ օդանաւակայանին անունը փոխեց եւ «Ճոն Քենէտի օդանաւակայան» դրաւ։