Մոսկուա վերադարձաւ Սովիէթ Միութեան առաջին փոխ-վարչապետ պրն. Անասթաս Միկոյեան, որ Ուաշինկթըն գացած էր նախագահ Քենէտիի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար սովիէթ կառավարութեան կողմէ։

Միկոյեան յայտարարեց՝ թէ չափազանց գոհ է Ուաշինկթընի մէջ ունեցած խօսակցութիւններէն։ Աւելցուց՝ թէ իր տեսած ամերիկացի անձնաւորութիւնները շատ գոհ մնացած են այն այցելութենէն, զոր վարչապետ պրն. Խրուշչէվ տուած էր Մոսկուայի ամերիկացի դեսպանին, իր ցաւակցութիւնները յայտնելու համար։ Միւս կողմէ, սովիէթական մամուլը մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեց այն կոչին՝ զոր նախագահ Ճոնսըն ուղղեց Գոնկրէսին, հետեւելու համար սպանեալ նախագահի դրած առարկայական նպատակներուն։  

Նախագահ Քենէտիի եղերական մահը, խոր յուզումի մատնեց համայն աշխարհի ժողովուրդները, որոնց կարգին՝ նաեւ հայ ժողովուրդը։ Շաբաթ, Նոյեմբեր 23-ին, ՄԵծի Տան Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, Լիբանահայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ Դպրեվանքի տեսուչ գերշ. Տ. Գարեգին ծ.վրդ. Սագիսեան Եարզէ երթալով, յանուն վեհափառ Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ լիբանահայութեան, ցաւակցութիւն յայտնեցին Լիբանանի ամերիկեան դեսպան պրն. Արմին Մայէրի, նախագահ Քենէտիի ցաւալի մահուն առթիւ Նոյն առթիւ, վեհափառին կողմէ, ցաւակցական հեռագիր մը ղրկուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ պրն. Լինտըն Ճոնսընի։ Ցաւակցական հեռագիրներ ղրկուած են նաեւ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռներուն կողմէ։ 

Կիպրոսի ծանօթ ազգայիններէն պրն. Յակոբ Ուզունեան, Խորէն Կաթողիկոսի անդրանի այցելութեան առթիւ 100 ստթերլին նուիրած է տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Պրն. Ուզունեան որ ծանօթ է իր բարեսիրական նուիրատուութիւններով, տարիներով եղած է Կիպրահայ Թեմականի անդամ եւ սատարող ազգային կազմակերպութեանց։