Երէկ հայոց մայրաքաղաք Երեւանը նշեց իր հիմնադրութեան 2794-ամեակը: Օրը սկսաւ Երեւանի փողոցներուն եւ արձաններուն մաքրութեան աշխատանքներով:

Էրեբունի – Երեւանի 2794-ամեակին նուիրուած տօնական բուն հանդիսութիւնները սկսան «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի յարակից հրապարակին մէջ: Տօնական շքեղ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից Ռուսիոյ հրապարակին վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութիւններուն:
Երեւանի հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութիւնները վերջ գտան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝  շքեղ համերգով եւ հրավառութեամբ: