Հայաստանի մէջ Փետրուար 18-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ներկայ ըլլալու եւ ընթացքին  հսկելու նպատակով երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ դիտորդներ պիտի ընդգրկուին:

Այս տեղեկութիւնը յայտնած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովրդավարակական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԵԱՀԿ), աւելցնելով թէ դիտորդներու թիւը նուազ պիտի չըլլայ անցեալ տարուայ Մայիսին կայացած խորհրդարանի ընտրութիւններու մասնակից դիտորդներէն:
ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի մամլոյ խօսնակ Թոմաս Ռայմեր խօսելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանին նշած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն եւս գրասենեակի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ 24 երկարաժամկէտ դիտորդներ ներառնուած պիտի ըլլան, որոնք Հայաստան պիտի ժամանեն ընտրութիւններէն 14-16 օր առաջ: ԵԱՀԿ-ը Հայաստանի նախագահի ընտրութիւններու ժամանակ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու հրաւէրը ստացաւ Հայաստանի կառավարութենէն՝ Դեկտեմբերի սկիզբին:
Ինչ կը վերաբերի տեղական դիտորդներուն, ժամկէտը արդէն բաց յայտարարուած է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովէն, բայց առայժմ դիմումներ չկան որեւէ կազմակերպութեան կողմէ: