Աղթամար կղզին 24 ժամ վերահսկելու համար՝ տեսախցիկներ պիտի տեղադրուին ամբողջ շրջակայքին
Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս արդէն սկսած է վերանորոգման աշխատանքներու երկրորդ փուլը:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որ կ'իրագործուին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, աւարտած էին 2006ի Օգոստոսին: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին եկեղեցւոյ մօտ գտնուող վանքի եւ մատուռի կառոյցներու վերանորոգման գծով, նախկին տեսքին բերելու ուղղութեամբ: Անկէ զատ տեսախցիկներ կը զետեղուին Աղթամար կղզիի շրջակայքին, 24 ժամ վերահսկողութիւն ունենալու համար:
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ թէ Աղթամարի վանքի եւ մատուռի նորոգման համար 1 միլիոն 200 հազար լիրա (մօտ 700 հազար տոլար) պիտի յատկացուի: Աշխատանքները պիտի աւարտին գալ տարուայ Սեպտեմբերին: