Տիգրան Հէքէքեանի ղեկավարած «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբը օրերս վերադարձաւ Զուիցերիոյ մէջ կատարած իր շքեղ համերգային շրջագայութենէն, մասնակցելու Պազելի երիտասարդական եւ մանկական երգչախումբերու եւրոպական փառատօնին՝ Մայիս 22-ին:

Փառատօնը ստեղծուած է 1992 թուականին։ Մինչեւ 2010 թ. Պատանեկան Երգչախումբերու Եւրոպական Փառատօնը կազմակերպուած է երեք տարին մէկ անգամ: Միեւնոյն ժամանակ հաստատուեցաւ աւելի քան 23.000 հանդիսատեսներով: 2012 թ.փառատօնը դարձած է տարեկան:
Փառատօնը կը կազմակերպուի բարձրորակ մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերու համար: Մասնակից երգչախումբերու ընտրութիւնը կ'իրականացուի գեղարուեստական յանձնաժողովի կողմէ, որը մանրամասն կը քննէ Երգչախումբերու Աուտիօ փաստաթուղթերը, իսկ միւս կողմէ կ'ուսումնասիրէ երգչախումբերու բնութագրերը:
«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբը այս փառատօնին կը մասնակցէր արդէն երկրորդ անգամ: Առաջինը 1995 թուականին էր եւ փառատօնի կազմակերպիչներու տպաւորութիւնը երգչախումբի ելոյթներէն 20 տարի անց այնքան վառ էին, որ անտեսելով փառատօնի կանոնակարգը, որը կ'արգիլէր նոյն երգչախումբի մասնակցութիւնը երկու անգամ, Հայաստանը ներկայացնող խումբին հրաւիրեցին որպէս պատուաւոր հիւր՝ հոգալով ողջ ճանապարհածախսն ու կեցութեան հարցերը:
Զուիցերիական «Վիվա» մանկական երգչախումբի ղեկավար Սոլանժ Բեսսոնը՝ ըսաւ. «Լսեցի Բազելի փառատօնին ձեր երգչախումբի մասնակցելու լուրը եւ ականջներուս չհաւատացի: Աներեւակայելի բան պիտի ըլլար, եթէ բաց թողնէինք ձեր խումբը կենդանի լսելու հնարաւորութիւնը նաեւ Վերբիէի մէջ»:
Պազելի «Շտադտ-Կազինօ» համերգասրահին մէջ, Թատրոնի շքեղ դահլիճին մէջ, Ս. Քլարայի, Ս. Մարտինի եկեղեցիներուն մէջ, յայտնի Միւնսթեր տաճարին մէջ, Պազելի տարբեր հրապարակներու վրայ դարձեալ հնչեցին Մաշտոցն ուԿոմիտասը, Շնորհալին, դասական, ժամանակակից եւ ճազային երաժշտական ստեղծագործութիւններ: Հայ մանուկներու հետ Կոմիտաս երգեցին մինչեւ անգամ ամերիկեան երգչախումբի բազմազգ երգիչները:
Յաջողութիւնը ապշեցուցիչ էր, արձագանգները՝ բուռն եւ ոգեշունչ:
Աշխարհի տարբեր ծայրերէ ժամանած արուեստագէտները, երաժշտական եւ խմբերգային արուեստի ամենակարկառուն դէմքերը, որոնք մինչ այդ կը ճանաչէին Տիգրան Հէքէքեանի երգչախումբը, չէին կարողանար հիացմունքը զսպել՝ ըսես վերստին իրենց համար բացայայտած ըլլալով այդ երաժշտական հրաշքը:
Փառատօնի կազմակերպիչ Քաթրին Ռենգլին խոստովանեցաւ, որ իր ստեղծագործական ուղիին ծաւալման եւ կայացման համար պարտական է «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներին», որուն ելոյթը Պազելի փողոցներէն մէկուն 20 տարի առաջ պատահմամբ լսելով՝ իր կեանքը նուիրած է երգչախմբային արուեստի զարգացման եւ, ահա, այժմ նոյն փառատօնի ղեկավար դառնալով՝ պատիւ ունի պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով հիւրընկալելու սիրելի խումբը:
Երգչախումբի արդէն 20-րդ շրջագայութիւնն էր այս մէկը, գործունէութեան 20 տարիներու ընթացքին երգչախումբը հայ արուեստը ներկայացուցած է աշխարհի ամենայայտնի համերգասրահներուն մէջ։ Համերգներով հանդէս եկան Յունաստանի, ԱՄՆ-ի 20 նահանգներու մէջ, Պելճիքայի, Գերմանիայի, Լեհաստանի, Անգլիայի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի,Կիպրոսի, Շուէտի, Լատվիայի, Վրաստանի եւ Ճափոնի մէջ: