Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով Նոյեմբեր 14-ին ժամը 13:00- ին սոցիալական ցանցերուն վրայ մեկնարկեց #ArtsakhStrong արշաւը:

Ատրպէյճանի կողմէ զարնուած հայկական ուղղաթիռի եւ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, ապատեղեկատուութեան մասին Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը նամակներ ուղարկեց եւրոպական կառոյցներուն, կոչ ուղղելով անոնց՝ խստագոյնս դատապարտել Ատրպէյճանը, որ պայթեցնել կը սպառնայ արդէն լարուած վիճակը:

ԱՄՆ նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մը պէտք է դա­տա­պար­տէ Ատըր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ան­զէն ուղ­ղա­թի­ռի կոր­ծա­նու­մը եւ դադ­րեց­նէ Պա­քո­ւին տրո­ւող ռազ­մա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Ն­ման ա­ռա­ջար­կով հան­դէս ե­կաւ ԱՄՆ Հայ դա­տի յանձ­նախմ­բի նա­խա­գահ Ա­րամ Համ­բա­րեան:

ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Լոնտոնի կեդրոնատեղին եւ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ:

Աթէնքի արուարձաններէն Էղալէոյի շրջանին մէջ Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2014ին, բացումը կատարուեցաւ Ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի։