Հելլէն խորհրդարանին կողմէ օրինագիծի որդեգրման նախօրեակին, Թուրքիա բացայայտ միջամտութիւն փորձած էր կատարել, ՆԱԹՕի գագաթնաժողովին ընթացքին Յունաստանի վարչապետ Սամարասին հետ հանդիպում խնդրելով։ Ըստ հելլէն մամուլի

տեղեկութիւններուն, այդ հանդիպման ընթացքին, Թայիփ Էրտողան ճնշիչ ու անբարտաւան ձեւով պնդած էր հակացեղապաշտական օրինագիծի հարցին վրայ, կեդրոնանալով ցեղասպանութիւններու ուրացման յօդուածին։
Յունաստանի վարչապետը վճռակամ կեցուածք ցուցաբերած է՝ պաշտպանելով հակացեղապաշտական օրինագիծի որդեգրման անհրաժեշտութինը։
Աւելցնենք թէ Ուելսի մէջ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հետ հանդիպման, Էրտողան ներկայացաւ արտաքին գործոց նախարար Մ. Չաւուշօղլուի եւ փոխ արտաքին գործոց նախարար Ֆ. Սինիրլիօղլուի ու խորհրդական Ի. Քալինի հետ։