Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներու ծիրէն ներս, յոյն երեսփոխան Տորա Պաքոեանի բանաձեւ մը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առընչուած: 

Սկզբնական բանաձեւը ներկայացուած է Յունիս 24ին, ազերի Էլխան Սիւլէյմանովի կողմէ «Ատրպէյճանի տարածքներու զինուորական գրաւման մասին Հայաստանի կողմէ» խորագրով, ապա, մէկ օր ետք, Յունիս 25ին Տորա Պաքոեանի եւ 22 այլ խորհրդարանականներ ստորագրած են բանաձեւի մէկ այլ տարբերակ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը» խորագրով:
Բանաձեւին մէջ գրուած է, թէ Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, նախկին Խորհրդային Միութեան տարածաշրջանէն ներս թշնամութիւն եւ լարուածութիւն առկայ է: «Վրաստանի հարցի փորձառութեան հիմամբ՝ յայտնի է թէ հակամարտութիւններ, որոնք շատոնց «սառած» կը նկատուէին, տագնապի ժամանակ կրնան այլափոխուիլ եւ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծել» գրուած է բանաձեւին մէջ:
Այս հարցերու լոյսին տակ Եւրոպական խորհուրդի խորհըրդարանական վեհաժողովը ինքզինքին դեր կը վերապահէ՝ խաղաղութեան ի նպաստ լուծումի մը առաջնորդուելու նպատակով, հաստատելով, թէ «հաշուի պէտք է առնել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխուժութեան բացակայութիւնը»:
Բանաձեւին մէջ յիշեցում կը կատարուի՝ Յունուար 2001ին Եւրոպայի Խորհուրդի հետ միացման առիթով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութեան, որ կը նախատեսէր հակամարտութեան խաղաղ միջոցներով լուծում եւ լրիւ կը բացառէր դրացի երկիրներուն միջեւ ուժի կիրառումը: «Նոյն պահուն, Հայաստան կը պարտաւորուէր օգտագործել իր զգալի ազդեցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, խթանելու համար հակամարտութեան կարգաւորումը»:
Բանաձեւը բնաւ նկատի չէ առած Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի սկզբունքային կեցուածքը որ անցեալին, այլ առիթներով, դրսեւորուած է՝ թէ 23 տարի առաջ, խորհրդային եւ միջազգային օրէնսդրութեան հիման վրայ անկախութիւն յայտարարելու մասին որոշում տալով, Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկան նոր պետութիւններ, ժողովուրդի ինքնորոշման եւ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու իրաւունքէն օգտուելով: Յաւելեալ, պէտք էր նշուած ըլլար, թէ Լեռնային Ղարաբաղ հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ պետականաշինութեան ուղին, որ կը համապատասխանէ Եւրոպայի ոգիին, առաքելութեան եւ արժէքներուն: Միւս կողմէ, խօսք չկայ նաեւ Ատրպէյճանի շարունակական զինեալ յարձակումներուն մասին, որ կեանքեր կը խլեն երկուստեք, ոչ ալ Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ հնչող ռազմատենչ սպառնալիքներուն մասին:
Նշենք, թէ Տորա Պաքոեանիի հեղինակած բանաձեւը կը ստորագրեն երեք յոյն խորհրդարանականներ եւս՝ Իոանիս Տրաղասաքիս, Օլղա-Նանտիա Վալավանի, Վասիլիքի Քաթրիվանու եւ կիպրացի Նիքոս Նիքոլայիտիս: