ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Լոնտոնի կեդրոնատեղին եւ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ:

Հայ Դատի պատուիրակութիւնը բաղկացած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէն եւ Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբի պատասխանատու Սեւան Արթինէն:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Արցախի հիմնահարցի բանակցային գործընթացին եւ անվտագնութեան իրավիճակին, Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու սառած գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարգ մը հարցերու մասին իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսակէտներն ու մօտեցումները:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն եւ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն միջեւ Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ պարբերաբար կատարուող հանդիպումներու շարքին: