Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով Նոյեմբեր 14-ին ժամը 13:00- ին սոցիալական ցանցերուն վրայ մեկնարկեց #ArtsakhStrong արշաւը:

Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի ֆէյսպուքեան էջի փոխանցմամբ՝ արշաւը նախաձեռնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկեան Երիտասարդական միութիւնը: Միջազգային հանրութեան կոչ կÿուղղուի պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ:
Իսկ ամերիկահայ բնակչութեան կոչ կÿուղղուի կապուելու իրենց օրէնսդիրներու եւ պաշտօնեաներու հետ, անոնց տեղեկացնելու Ատրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին:
Արշաւի արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է բովանդակային տեղեկատուութիւն տեղադրել #ArtsakhStrong հաշթագի հետ եւ լայնօրէն տարածել այն Ֆէյսպուք, Թուիթեր, Ինսթագրամ եւ այլ ընկերային ցանցերով: