Եւրոպական Միութիւնը մտահոգուած է Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու կապակցութեամբ: Այդուամենայնիւ՝ պաշտօնական Պրիւքսելը կոչ կ'ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զսպվածութիւն ցուցաբերելու՝ հետագայ լարուածութենէ խուսափելու համար։
Այս խօսքերով արտայայտուած է երէկ Երկուշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթընի խօսնակ Մայա Կոչիյանչիչը։ «Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք այն հնարաւոր ազդեցութեամբ, որ կրնայ ունենալ այս զարգացումը տարածաշրջանի վրայ, այդ իսկ պատճառով կ'ուղղենք այս կոչը»։
Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրողները հարց տուած են Կոչիյանչիչին եթէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն զատ արդեօ՞ք շփումներու մէջ է նաեւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն հետ, եւ եթէ այո, ի՞նչ ուղերձ փոխանցուած է պաշտօնական Պուտափեշթին:
Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակը պատասխանած է. «Այո, մենք այս պահուն կապի մէջ ենք նաեւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն հետ՝ տեղեկատուութեան փոխանակման համար, սակայն, չի բացառուիր, որ այս հարցը քննարկուի նաեւ վաղը (այսօր) կայանալիք Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մակարդակով, Եւրամիութեան դեսպաններու հանդիպման ժամանակ»։
ՀԱՊԿ-ի քարտուղարն ալ կը հաստատէ. «Սաֆարովի հարցին մէջ որեւէ արդարացում չկայ»
Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Բորդիւժան մեկնաբանած է Ատրպէյճանին արտայանձնուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու շուրջ ստեղծուած վիճակը:
Ըստ ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական կայքէջի հաղորդագրու- թեան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդասպանին ներում շնորհելու եւ պատասխանատըւութենէ ազատելու որոշումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, կասկածի տակ կը դնէ յանցաւորութեան հակազդման միջպետական համակարգի գործունակութիւնը:
«Այս քայլը, որը յստակօրէն կատարուած է ի շահ ո-րոշ քաղաքական նպատակներու, կարելի չէ որեւէ կերպով արդարացնել» կÿըսուի գրութեան մէջ:
«Աւելին, յանցագործի հերոսացումը պիտի նպաստէ առանց ատոր ալ տարածաշրջանէն ներս լարուածութեան յաւելումին։ Վստահ եմ, որ միջազգային հանրութիւնը յապաղումի գնահատական պիտի տայ կատարուածի գծով»,- ըսած է ՀԱՊԿի գլխաւոր քար-տուղարը: