Սինկափուրի «Ռաֆըլզ» պանդոկը՝ արեւելքի առասպել

«Նիւզ» լրատու գործակալութիւնը կրճատուած հրապարակած է «Տէ փալմ Պիչ տէյլի նիուզ» պարբերականի մէկ յօդուածը, որու հեղինակը՝ Շէրիլ Պլէրքէրպա մեծ հիացումով կ'արտայայտուի Սինկափուրի «Ռաֆըլզ» պանդոկի մասին:

Փետրուար 6-ին պաշտօնական այցելութեամբ Պուտափեշտ ժամանած էր  Թուրքիոյ  վարչապետ Թայիփ Էրտողանը:

ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան կը հաղորդէ թէ Փետրուար 4-5ին, Փորթուկալի Կաժկայժ (Cascais) քաղաքի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի (Սոցինտերն) խորհուրդի ժողովը, հիւրընկալութեամբ Փորթուկալական ընկերվարական կուսակցութեան:

Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան Յունուար 7, 2013էն սկսեալ՝ ՀՕՄ-ի, հայ կանանց համաշխարհային կազմակերպութեան նոր վարիչ-տնօրէնն է: Ան ծնած է Լիբանան եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն ներս, ապա յաճախած է Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

Հայաշատ Հալէպի մէջ 31 Յունուարի կէսօրին բուռն բախումներ տեղի ունեցած են քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ: