Գահիրէի «Պըլըքտանեան» սրահէն ներս Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանութեան եւ Հայոց առաջնորդարանի համատեղ ջանքերով տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութենէն մինչեւ Սումկայիթ» խորագրով յիշատակի միջոցառում՝ նուիրուած սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցին։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեանը: Զուգահեռներ կատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սումկայիթեան ջարդերուն միջեւ՝ ՀՀ դեսպանը մատնանշեց մարդկութեան նկատմամբ այդ յանցագործութիւններու օրկանական կապը եւ որպէս ընդհանրութիւն ընդգծեց, որ երկու պարագային ալ իրական ոճրագործները մնացած են անպատիժ, եւ չեն տրուած լիարժէք գնահատականներ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն, ակադեմիայի թղթակից անդամ, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի եւ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի փոխ տնօրէն, դոկտոր, փրոֆեսոր Կարէն Խաչատրեանի ելոյթները։

Եգիպտոսէն Երեւան վերադառնալով, երէկ մամլոյ հաւաք մը հրաւիրեցին անոնք, պատմելու համար Գահիրէի համալսարանէն ներս տեղի ունեցած գիտաժողովի եւ Ատրպէյճանի հերթական հակահայ քարոզչութեան մասին: «Հայ ժողովուրդի աւանդը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ» թեմայով գիտաժողովի ընթացքին ատրպէյճանցի ուսանող մը Խոջալուի մասին հարցում ուղղեց Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանին: Ան պատասխանեց հարցումին, որ սակայն ընդունելի չեղաւ ուսանողին կողմէ, որ վրդովուած` վիրաւորական արտայայտութիւններ կատարեց դեսպանին եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը «փողոցային դիւանագիտութիւն» անուանեց այս դէպքերը, որ յայտնեց թէ ազերիները որեւէ փորձ չկատարեցին գիտական բանավէճի մեջ մտնելու:

Յստակ է թէ նպատակը՝ խանգարելն էր: