Եգիպտոսը դարձաւ Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած 100-րդ պետութիւնը: Թրքական Hurriyet Daily News-ի փոխանցմամբ՝ երէկ այս մասին յայտարարեցին Քոսովոյի կառավարութեան պաշտօնեաները:

Հակառակ արեւելեան Միջերկրականի մէջ գործող ծովային իր ուժերուն, Ռուսաստանը պարպեց Սուրիոյ Թարթուս շրջանի ծովային իր խարիսխին մէջ ծառայող զինուորական եւ քաղաքական պաշտօնէութիւնը:

Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան -Հինգշաբթի 20 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Հ.Օ.Միութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, միութեան «Ծերունի Գասպարեան» Մանկապարտէզ-Նախակրթարանի տարեկան դաշտահանդէսը կատարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի պարտէզին մէջ:

Շինութեան ընդհանուր ծախսերը կը նախատեսուին աւելի քան չորս միլիոն եւրօ 

Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ դպրոցը իր նոր կրթական համալիրի շինարարական փուլը թեւակոխեց… տասնհինգ-քսան տարուան ուշացումով։

Յունիս 21-ին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն ներս Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ Հայոց պատմութեան նիւթին նուիրուած մրցում, որ տարին անգամ մը կը կազմակերպուի: